ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋԱՊԷՍ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

Նախագահ Սլէյման եւ Սուրիոյ դեսպանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը ամբողջապէս վերահաստատուի, որպէսզի սուրիական իշխանութիւնները կարենան անմիջապէս գործադրել որդեգրուած բարեկարգումները, զորս յայտարարած էր նախագահ Պաշշար Ասատ:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ համայնքային եւ յարանուանական կիրքերը հրահրելու միջոցով բարեկարգումներ պահանջելը վտանգաւոր է եւ կը ծառայէ Սուրիոյ ու շրջանին ապահովական կայունութիւնը հարուածելու նպատակին:

Նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյման իր ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Ասատին` մաղթելով, որ Սուրիոյ կայունութիւնը եւ յատկապէս ցնցումներ ապրած շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:

 

Share this Article
CATEGORIES