50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 12 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԵԾ ԶԱՒԿԻՆ
Մեծատաղանդ երգահան Արամ Խաչատուրեան երէկ` չորեքշաբթի իրիկուն ժամը 7:00-ին, այցելեց Նշան Փալանճեան ճեմարան եւ արժանացաւ խանդավառ ընդունելութեան մը:
Ստուար բազմութիւնը, որ ժամանակէն առաջ հաւաքուած էր ճեմարանի պարտէզներուն մէջ, խելայեղ ծափահարութիւններով ողջունեց հայ ժողովուրդի ստեղծագործ զաւակը, որ ակնբախ յուզումով մը պատասխանեց ծափահարութիւններուն:
Ճեմարանի գլխաւոր շէնքի աստիճաններուն վրայ յարգելի հիւրը ընդունուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական եւ Պէյրութի վարչութեանց եւ Ճեմարանի տնօրէնութեան կողմէ ու առաջնորդուեցաւ տեսչարան, ուր սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցաւ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանի հետ:
Այնուհետեւ, Խաչատուրեան, ժողովրդային խանդավառութեան մէջ, բարձրացաւ «Վասպուրական» սրահ, ուր ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ ի պատիւ անուանի երգահանին:
Ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, բարեկարգութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան, պետական երեսփոխաններ Սուրէն Խանամիրեան եւ Վարդգէս Շամլեան եւ ստուար բազմութիւն մը` քոյր միութեանց ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի:
Նախ, «Գայեանէ»ի հեղինակը հետեւեալ արձանագրութիւնը ձգեց Համազգայինի ոսկեմատեանին մէջ. «Գեղարուեստը ուժ է: Մշակեցէք եւ զարգացրէք զայն: Սիրեցէք միշտ եւ յիշեցէք ձեր հայրենիքը»:
Այնուհետեւ, Համազգայինի եւ ճեմարանի կողմէ մեծ հիւրին բարիգալուստ մաղթեց ճեմարանի տնօրէններէն բանաստեղծ Մ. Իշխան, որ իր ճառին մէջ, պանծացուց հայութեան մեծ զաւակը, որ այսօր միջազգային երկնակամարին վրայ կը փայլի` իբրեւ բազմատաղանդ երգահան:
Մ. Իշխան ապա ընդգծեց, թէ մշակոյթը մէկ է ամէնուրեք ու սեփականութիւնը` բովանդակ հայ ժողովուրդին: Բանաստեղծը Արամ Խաչատուրեանի գործին մէջ տեսաւ հայ ժողովուրդի հանճարին հարազատ արտայայտութիւնը եւ անդրադառնալով Համազգայինի գործին` շեշտեց, թէ սփիւռքի ոչ նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, ան հայ մշակոյթի ծառայողի իր դերին մէջ, նախախնամական գործ կը կատարէ հայութեան արժէքներու պահպանման համար:
Ճառախօսը Արամ Խաչատուրեանի գործին մէջ տեսաւ հայեցի զօրաւոր դրոշմ եւ մաղթեց, որ երկար ապրի հայութեան մեծ զաւակը` ուռճացնելով իր արուեստը եւ հայ մշակոյթի գանձարանը ճոխացնելով նորանոր ստեղծագործութիւններով:
Հիւրերը ապա պատուասիրուեցան շամփանիայով եւ կարկանդակով:
Յետոյ, ներկաներու փափաքին գոհացում տալով, անուանի երգահանը դաշնակի վրայ նուագեց իր ստեղծագործութիւններէն երեք կտորներ. Սոնադինայի առաջին մասը, մանուկներու յատուկ նուագ մը եւ իր վալսը, որոնք գնահատուեցան բուռն ծափահարութիւններով:
Ժամ մը ամբողջ մնալէ ետք Համազգայինի յարկին տակ, Ա. Խաչատուրեան բաժնուեցաւ լաւագոյն տպաւորութիւններով:

