ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԱՆՑԵԱԼԻ ԷՋԸ ԴԻՒՐԱՒ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ՞Ք

Գործի փոփոխութիւն, երկիր փոխելու հարկադրանք, սիրած անձէն բաժանում… Նման փոփոխութիւններու ինչպէ՞ս կը հակազդէք: Անցեալի էջը ամբողջովին կը դարձնէ՞ք, թէ՞ անցեալը կը շարունակէ ապրիլ ձեր մէջ:

Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Բարեկամ մը ձեզ կը ձանձրացնէ իր հեռաձայններով եւ յաճախ ու ամէնուրեք կը հետեւի ձեզի

ա.- Բան չէք ըսեր, որովհետեւ կը զգուշանաք զայն վիրաւորելէ:
բ.- Կը փորձէք կարելի եղածին չափ հեռաւորութիւն պահել:
գ.- Իր սահմանները կը ճշդէք եւ կ՛ըսէք, որ ձեզ հանգիստ ձգէ:

2

Ձեր սիրած անձը կը յայտնէ, թէ կ՛ուզէ վերջ տալ ձեր միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան:

ա.- Շատ կը խնդրէք, որ կրկին ու կրկին մտածէ նախքան նման որոշում մը տալը:
բ.- Կը լսէք` առանց հակազդելու:
գ.- Կը փորձէք մխիթարուիլ` մտածելով, որ ձեր շուրջը անկեղծ բարեկամներ շատ ունիք:

3

Գործի բերմամբ պիտի ստիպուիք քանի մը տարիով երկիրը ձգել եւ ուրիշ երկիր հաստատուիլ:

ա.- Կը մտածէք` գործը ձգել:
բ.- Կը մտածէք` քանի մը տարին շուտ կ՛անցնի:
գ.- Կը մտածէք` լաւ առիթ է նոր միջավայրի եւ նոր մարդոց ծանօթանալու:

4

Ձեր հագուստի պահարանը կը կոկէք եւ, ահա՛, քանի մը կտոր հագուստ կայ, որոնք տարիներէ ի վեր կախուած են հոն եւ երբեք չեն հագցուած:

ա.- Կը պահէք, քանի որ անոնց հետ կապուած յիշատակներ ունիք:
բ.- Կը պահէք` սպասելով յարմար անձը, որուն կրնաք տալ զանոնք:
գ.- Զանոնք կու տաք ձեր մաքրութեան կնոջ:

5

Գիրքի մը մէջէն հին լուսանկարներ կը գտնէք:

ա.- Անմիջապէս զանոնք ալպոմին մէջ կը տեղաւորէք, որպէսզի չկորսուին:
բ.- Կը դիտէք ու դարձեալ գիրքին էջերուն մէջ կը տեղաւորէք:
գ.- Կը թափէք, քանի որ ալպոմները արդէն լեցուն են եւ նոր մը գնելու մտադիր չէք:

6

Ի՞նչ բան չէք հանդուրժեր:

ա.- Ապերախտութիւնը:
բ.- Կրաւորական կեցուածքը:
գ.- Անտարբերութիւնը:

7

Առաւօտ մըն ալ կ՛արթննաք եւ կը տեսնէք, որ տարիներէ ի վեր խնամած ձեր թռչնիկը փախեր է վանդակէն…

ա.- Շատ կը տխրիք եւ օրերով այդ մասին կը պատմէք բոլորին:
բ.- Կը մտածէք` խեղճը ազատեցաւ:
գ.- Կ՛երթաք եւ նոր մը կը գնէք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, մեծ դժուարութեամբ կ՛անջատուիք անցեալէն: Իւրաքանչիւր իր, նամակ, լուսանկար յիշատակ մը կ՛արթնցնէ ձեր մէջ, հետեւաբար կը պահէք զայն եւ կը գուրգուրաք անոր վրայ: Նոյնպէս ալ դժուար կը բաժնուիք ձեզի սիրելի, հարազատ անձերէն եւ բաժանումի վէրքը երբեք չի սպիանար ձեր պարագային:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, անցեալը կարեւոր նշանակութիւն ունի ձեզի համար, բայց եւ այնպէս անոր գերին չէք: Կ՛ընդունիք ձեր կեանքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ ըստ այնմ կը կազմակերպէք ձեր կեանքը եւ կը յարմարիք որոշ հարկադրանքներու:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, անցեալը շատ բան չ՛ըսեր ձեզի եւ դիւրաւ կը շրջանցէք զայն: Կ՛ապրիք օրը օրին, առաւելաբար նայելով դէպի ապագան: Այս պատճառով ալ ձեր կեանքը քիչ թէ շատ հեզասահ կ՛ընթանայ, անցեալը որեւէ ձեւով չի կաշկանդեր ձեզ:

 

ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ

ԶՈՒՀԵՐ ՄՐԱՏ

Միջազգային համբաւ վայելող լիբանանցի ձեւագէտ Զուհեր Մրատ անգամ մը եւս ինքզինք փաստեց նորաձեւութեան աշխարհին մէջ, երբ իշխան Ուալիտ Պըն Թալալի կինը` իշխանուհի Ամիրա Թաուիլ, անոր յղացումներէն մէկը ընտրեց մասնակցելու համար Բրիտանիոյ Ուիլիըմ իշխանին պսակի արարողութեան:

Այս առիթով Մրատ յայտնեց, թէ հագուստը յատուկ այդ առիթին համար պատրաստուած էր, եւ ինք ընտրած էր վարդագոյն գոյնը, քանի որ այդ գոյնը իշխանուհիին շատ կը վայելէր, ինչ կը վերաբերի հագուստին կտորին, անիկա սաթենի եւ տանթելի խառնուրդ էր:

Իշխանուհիին իսկ փափաքով հագուստին ընկերակցող բոլոր աքսեսուարները լիբանանցի ձեւագէտին հաւաքածոյէն էին, սկսելով գլխարկէն մինչեւ կօշիկը, պայուսակն ու ձեռնոցները:

Նորաձեւութեան քննադատներու կարծիքով, իշխանուհին շատ վայելուչ էր իր պարզ, բայց աչք շոյող հագուստով:

 

ՔԷՅԹ ՄԻՏԸԼԹԸՆԻ ՊՍԱԿԻ ՀԱԳՈՒՍՏԸ…
300 ՏՈԼԱՐԻ

Չինական խանութ մը կը պատրաստուի Բրիտանիոյ Ուիլիըմ իշխանին կնոջ` Քէյթ Միտըլթընի հարսանեկան հագուստին կրկնօրինակները շուկայ իջեցնել եւ վաճառել 300 տոլարի:

Արդարեւ, չինական «Չայնա Տէյլի» թերթին համաձայն, Քէյթի հարսանեկան հագուստը, որուն հեղինակն է Ալեքսանտր Մաքքուին նորաձեւութեան տան ձեւագէտ Սառա Պրաուն, թագով եւ թիւլով միասին Չինաստանի մէջ 300 տոլարէն պակաս պիտի արժէ, եւ թէ արդէն համացանցի վրայ ապսպրանքները կ՛ընդունուին:

Այսպէս, պսակուելու պատրաստուող չինացի երիտասարդուհիներուն մէկ կարեւոր տոկոսը կը պատրաստուի գնած կամ վարձած հագուստը փոխարինել նորով մը, որ առնուազն տեսքով գրեթէ պիտի չզանազանուի Քէյթ Միտըլթընի հարսանեկան հագուստէն:

 

 

 

ԱՅԼԱԶԱՆ

ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԿԻՆԵՐԸ…

Բրիտանական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, անգլիացի կիները ճաշ եփել չեն գիտեր…

Արդարեւ, 2000 կիներու հետ կատարուած փորձ-ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ 10-ի վրայ մէկ կին կեանքին մէջ միս խորոված չէ, իսկ 20-ի վրայ մէկ կին հաւկիթ մը խաշած չէ…

Վերջապէս, նոյն վիճակագրութեան համաձայն, բրիտանուհիներուն 2 առ հարիւրը խոհագիրի գիրք կը գործածէ ճաշ եփելու համար:

ՔՈՒՆԻ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱԶԴԷ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԱՃՄԱՆ ՎՐԱՅ

Ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, երեխաներուն մօտ քունի տեւողութիւնը կ՛ազդէ անոնց աճման հոլովոյթին վրայ:

Արդարեւ, Աթլանթայի մեծագոյն համալսարաններէն մէկուն կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը` աւելի քան 23 երեխայի վրայ, 4 – 17 ամսուան տեւողութեան վրայ, ցոյց տուած է, թէ այն մանուկները, որոնք օրական 4 – 4,5 ժամէն աւելի քնացած են, անոնց հասակները յստակօրէն աւելի աճած են, քան` միւսներունը:

«Սլիփ» թերթին մէջ լոյս տեսած վերոյիշեալ ուսումնասիրութեան արդիւնքները լրջօրէն մտածել կու տան քունի այլազան բարիքներուն մասին:

ՁԵՐ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԽԵԱԼ Է…

Աշխարհին բացուած անձերը անոնք են, որոնք դրական ձեւով կը յիշեն անցեալը, եւ այդ է, որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ աւելի ուրախ եւ լաւատես են, քան անոնք, որոնք բացասական ձեւով կը նային անցեալին:

Արդարեւ, ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, աշխարհին բացուած մարդիկ կեանքի մէջ աւելի ուրախ են եւ լաւատես, քանի որ նոյն ձեւով ալ կը նային իրենց անցեալին եւ կարօտով կը յիշեն զայն: Նոյն այս անձերը նուազ ենթակայ են յոռետես մտածումներու եւ տեւական զղջումներու:

Նոյն ուսումնասիրութեան ծիրին մէջ շուրջ 754 անձերու հետ կատարուած փորձ մը ցոյց տուած է, թէ աշխարհին բացուած եւ լաւատես, անձերը անցեալէն կը յիշեն առաւելաբար լաւ բաժինները եւ գրեթէ մոռցած են գէշերը:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՈՎ ՁՈՒԱԾԵՂ

Բաղադրութիւն

12 հաւկիթով եւ մէկ սուրճի գաւաթ փարմըզան պանիրով պատրաստուած ձուածեղ մը:
1 կանաչ, թարմ պղպեղ (մանրուած)
1 գաւաթ մանրուած թարմ սունկ
1 սոխ (մանրուած)
1 խոշոր ոչ շատ հասուն լոլիկ (մանրուած)
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Քիչ մը օրեկանօ, սեւ փոշի պղպեղ, աղ

Պատրաստութիւն

Պատրաստ տաք ձուածեղը տարածել խոշոր բաց ամանի մը մէջ:

Մինչ այդ քիչ մը բուսական ձէթի մէջ դարձնել մանրուած բանջարեղէնները, ազատքեղն ու համեմները:

Խառնուրդը տարածել ձուածեղին վրայ եւ գլանաձեւ փաթթել:

Ներկայանալի ամանի մը յատակը փարմըզան պանիր ցանել գլանաձեւ ձուածեղը մէջը դարձնել եւ հրամցնել շերտելով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՄԷՆ ԳԻՇԵՐ

Եւ մեռնում եմ ամէն գիշեր
Վերածնման նոր յոյսերով,
Դեռ մեռնում եմ մահով անմեռ,
Եւ այդ մահս երազ է ծով…
Բայց աշխարհը նոյնն է մնում,
Մեռնող ամէն արցունք է ցօղ,
Մեռնող ամէն գիշերն անհուն`
Առաւօտ է շողշողացող…
Նոյնն են մնում աստ ու լուսին,
Ես էլ նոյնն եմ մնում կարծես,
Միայն ինչ-որ մէկն իմ մասին
Աստղերց է շշնջում քեզ,
Թէ` աշխարհում դեռ կայ մի կին,
Որ մեռնում է ամէն գիշեր,
Եւ համբարձուած նրա հոգին
Շա՛ղ է տալիս աշխարհում սէ՜ր…

ՄԵՏԱՔՍԷ

 

Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES