«Երբ Ընտրութիւնները Շինծու Են` Իմաստ Չունի Խօսիլ Յաղթողի Եւ Պարտուողներու Մասին» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անցեալ ուրբաթ օր Ազգային ժողովի աւանդական զրոյցին ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարեց, որ ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ Դաշնակցութիւնը իր ընտրազանգուածին կոչ պիտի ուղղէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկեն:
Ան ընդգծեց, որ շտապելու կարիք չկայ, իրավիճակի փոփոխութիւնները անսպասելի են, եւ մինչեւ վերջին պահն ալ յայտնի չէ` ընտրութիւնները պիտի յետաձգուի՞ն, թէ՞ ոչ:
«Ես հակուած եմ երթալու ընտրութեան եւ քուէաթերթիկին վրայ գրելու` բոլորին դէմ», յայտարարեց դաշնակցական պատգամաւորը: Ան նշեց, որ առաջ, եթէ քուէաթերթիկներու յիսուն առ հարիւրին վրայ կար բոլորին դէմ նշումը, ընտրութիւնները անվաւեր կը ճանչցուէին, եւ ափսոսանք յայտնեց, որ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը, որ օրէնքի այդ կէտը վերականգնի, չորդեգրուեցաւ:
«Ընտրութիւններուն մեր չմասնակցիլը պայքարի ձեւ է, պէտք է Հայաստանի մէջ վերջ դնել այսպիսի ընտրութիւններու: Հայաստանի մէջ չկայ ժողովրդավարական ընտրութիւն, Հայաստանի մէջ ժողովուրդը չ՛որոշեր իր ապագան, եթէ այդպէս ըլլար մէկ անգամ գոնէ իշխանութիւնը կը փոխուէր ընտրութիւններու միջոցով», ընդգծեց Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ՀՅԴ-ն պիտի շնորհաւորէ Սերժ Սարգսեանը վերջինիս յաղթանակին առիթով, ան յայտնեց. «Ինչը՞ շնորհաւորենք, երբ ընտրութիւնները շինծու են եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններէն այնքան հեռու են, որ իմաստ չունի խօսիլը յաղթողի եւ պարտուողներու մասին»:
Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ ՀՅԴ անհեթեթ իրավիճակ ստեղծուած է երկրին մէջ, երբ իշխանութիւնները իրենք իրենց համար ստեղծած են երեւակայական իրականութիւն մը, որ ամէն ինչ լաւ է, իսկ ով որ այդ իրավիճակին դէմ կը խօսի` թշնամի է: Երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ըստ Ռուստամեանի, շատ ծանր է. ընտրական հոլովոյթներն ալ չեն արտացոլեր մեր իրականութիւնը: Ռուստամեան յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեանին կը շնորհաւորեն անոնք, որոնք կը նկատեն, որ բնականոն ընտրութիւններ կատարուած են:
ՀՅԴ պատգամաւորը շեշտեց նաեւ, որ նախագահի որոշ թեկնածուներ, մասնակցելով ընտրութիւններուն, կը թուէր, որ պէտք է քննադատեն իշխանութեան, բայց աւելի շատ կ՛անդրադառնան անոնց, որոնք չեն մասնակցիր ընտրութիւններուն: Ռուստամեան վստահ է, որ այդ թեկնածուները մեծ ծառայութիւն կը մատուցեն իշխանութիւններուն` հիմք ստեղծելով, թէ ընտրութիւնները մրցակցային են, որուն մասին ամէն օր կը խօսի նաեւ Սերժ Սարգսեան:
«Այս ընտրութիւնները կանխորոշուած են: Պարզ է, թէ ո՛վ պիտի յաղթէ, եւ ի՞նչ կապ ունի, թէ միւս թեկնածուները որ դիրքերը պիտի գրաւեն, քանի տոկոս պիտի հաւաքեն, երկրին ապագային վրայ պիտի ազդէ՞: Կանխորոշուած յաղթողը ինքնագոհ պիտի շարունակէ ղեկավարել երկիրը», յայտարարեց Ռուստամեան:

