Հայրիկեան Դիմեց Սահմանադրական Դատարան` Ընտրութիւնները Երկու Շաբաթով Յետաձգելու

Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան երէկ դիմեց Սահմանադրական դատարան` 18 փետրուարին նշանակուած նախագահական ընտրութիւնները երկու շաբաթով յետաձգելու հարցով: Ան անձամբ գնաց դատարանի շէնք` ներկայացնելու իր դիմումը:

Մինչեւ դիմումը ներկայացնելը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայրիկեան ընդգծեց, որ 31 յունուարին իր դէմ կատարուած մահափորձին պատճառով տասը օր զրկուած եղած է քարոզարշաւ իրականացնելու կարելիութենէն:

Այսուհանդերձ, ան պատրաստակամութիւն յայտնեց յետս կոչելու իր ներկայացուցած դիմումը, եթէ յառաջիկայ երկու օրերուն ընդդիմադիր թեկնածուները միաւորուին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )