50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1963)

Խմբագրական

«Հայաստան»

Անցեալ դեկտեմբեր 15-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ առաջին թիւը «Հայաստան» շաբաթաթերթին, որ այնուհետեւ կանոնաւորաբար կը հրատարակուի ամէն շաբաթ, ճոխ եւ այլազան բովանդակութեամբ, հայերէն եւ ֆրանսերէն ընտիր յօդուածներով:

«Հայաստան» պաշտօնաթերթն է ՀՅ Դաշնակցութեան նոր սերունդին, որ տարիներէ ի վեր կը հրատարակէր համանուն ամսաթերթ մը, որ այժմ, արմատական բարեփոխութեամբ մը, կ՛առաջադրէ ըլլալ նոր սերունդին ձայնը` ուղղուած այն երիտասարդութեան, որ ծնաւ ու հասակ նետեց օտար ափերուն վրայ, բայց շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան առինքնող գաղափարականին, հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, տակաւին ինքզինք կապուած կը զգայ մեր կեանքին ու հայ ժողովուրդի իտէալներուն:

Շաբաթաթերթին շուրջ բոլորուած են ծանօթ անուններ` խմբագրապետութեամբ ֆրանսահայ գրագէտ Կարապետ Փոլատեանի: Հայկական բաժնին մէջ իր մնայուն աշխատակցութիւնը կը բերէ Պօղոս Սնապեան, որ ներկայիս Ֆրանսա կը գտնուի: Իսկ ֆրանսական բաժինը ճոխացած է ֆրանսացի ծանօթ բանաստեղծ Լիւք-Անտրէ Մարսելի «Հայկական քրոնիք»-ով, Ժան Պալարի, Հուրի Իփէկեանի եւ այլ ծանօթ գրագէտներու աշխատակցութեամբ:

Առաջին հինգ-վեց թիւերու ընթերցումը ինքնին գրաւական մըն է այն յաջողութեան, որ  «Հայաստան» պիտի ունենայ իր հիմնական առաջադրանքներու ճամբուն վրայ: Այդ առաջադրանքը մենք խտացած կը տեսնենք առաջին թիւի առաջնորդողին մէջ, որ «Ծառայել» նշանաբանով կը ներկայանայ հանրութեան:

Ստորեւ, Կարապետ Փոլատեան այդ ոգեշունչ առաջնորդողի մէջ կը գրէ.

«Ամենավսեմը, զոր կարելի է ցոյց տալ մեր երիտասարդութեան, ամփոփուած է երկու բառի մէջ.

«- Ծառայել հայութեան»

«Հայութեան ծառայել` կը նշանակէ, որովհետեւ` ծառայել քաղաքակրթութեան, կը նշանակէ, ծառայել մարդկութեան:

«… Հայութեան ծառայել չի՛ նշանակեր միայն ծառայել քաղաքակրթութեան, այլ նաեւ` արդարութեան:

«Խղճի պարտք մըն է ան իւրաքանչիւր մարդու համար»:

Նման առաջադրութիւններով հրապարակ ելած թերթ մը եւ անոր շուրջ բոլորուած մտաւորականութիւնը շատ բնական կերպով առաջին իսկ հերթին պիտի արժանանայ գնահատանքին ու համակրանքին անոնց, որոնք գրեթէ բոլոր գաղութներու մէջ լծուած են հայապահպանման նուիրական գործին:

Որովհետեւ «Հայաստան», օրգանը Ֆրանսայի  «ՀՅԴ Նոր Սերունդ»-ին, չ՛ուղղուիր սակայն միայն ֆրանսահայ երիտասարդութեան, այլ` բոլոր գաղութներու երիտասարդներուն, որոնք սրբազան ուխտի մը նուիրեալները` պատրաստ են հին սերունդին փոխանցած ջահը միշտ վառ պահելու` ի խնդիր վսեմ պայքարներու:

Առ այդ, մեր բոլոր գաղութներու, մասնաւորաբար Լիբանանի երիտասարդութիւնը պէտք է նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալերէ այս ձեռնարկը, որ կ՛իրագործուի ի գին մեծ զոհողութիւններու, հայ ժողովուրդի ծառայելու անձնդիր պատրաստակամութեամբ:

Վստահ ենք, որ «Հայաստան» իր արժէքին համապատասխան տեղ մը պիտի ունենայ մեր երիտասարդութեան մօտ, որ դաստիարակուած է հայութեան ծառայելու նոյն նշանաբանով:

 

Հայաստան

Մեղմ Ձմեռ Հայաստանի Մէջ

Մինչ Եւրոպա ցուրտէն կը սարսռայ, անդին Հայաստան բաղդատաբար լաւ ձմեռ մը կ՛անցընէ: Արդարեւ, Միջերկրականէն, Անդրկովկասէն եւ Փոքր Ասիայէն տաք օդեր խուժած են Հայաստան յունուարի ընթացքին: Երեւան նոր տարուան տօնական օրերը անցուցած է առանց սպիտակ սաւանի: Ամէնէն տաք շրջանը արձանագրուած է Մեղրի` + 22 աստիճան, ապա երկրին հիւսիսիարեւելեան շրջանները, որոնք ունեցած են +17 -18 աստիճան, Արարատեան դաշտը արձանագրած է +16 -17, իսկ Երեւան` +15: Վաթսուն տարուան մէջ առաջին անգամն է, որ Երեւանի մէջ այսքան «տաք» կ՛ընէ:

Պայրընի Նուիրուած Ցուցահանդէս

Լորտ Պայրընի ծննդեան 175-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են անգլիացի մեծ գրողին գործերուն շքեղ, շատ անգամ նաեւ հազուագիւտ հրատարակութիւնները, օտար լեզուներով գրուած գիրքեր, ինչպէս նաեւ` գրողին գործերուն հայերէն թարգմանութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )