Ահմեթ Հաքանի Ակնարկը Հրանդ Տինքի Կապակցութեամբ

«Հիւրրիյէթ»-ի յայտնի սիւնակագիր Ահմեթ Հաքան իր սիւնակին մէջ կարճ ակնարկ մը ունի «Հրանդ Տինքին համար ռահմեթ խնդրել» խորագրին ներքեւ: Ան այսպէս կը գրէ.

«Հրանդ Տինքի համար ռահմեթ խնդրեցի, մէջտեղերը խառնակեցան: Շարունակ պնդեցին, որ կարելի չէ ռահմեթ խնդրել ոչ իսլամներու համար:

«Եթէ այս նիւթին շուրջ ցուցաբերուած այս զգայնութեան հազարէն մէկը ցուցադրուէր նաեւ մարդոց ետեւէն անոնց ծոծրակին կրակելու, ոճրագործներու պաշտպան կանգնելու, ոճրագործները մէջտեղ չհանելու, «հայ» ըսելով մարդիկը նախատելու, հայ ըլլալը նուաստացուցիչ նկատելու սովորամոլութիւններուն նկատմամբ, այն ատեն Թուրքիան այսօր բոլորովին տարբեր երկիր մը կ՛ըլլար»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )