«Թալէաթ Փաշա Պուլվար»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Պուկիւն» թերթին մէջ Կիւլայ Կէօքթիւրք 1915-ի տխուր եղելութիւններուն մասին հրատարակած է յուզիչ յօդուած մը` «Թալէաթ փաշա պուլվար» խորագրին ներքեւ:

Ստորեւ այդ յօդուածը կու տանք ամբողջական թարգմանութեամբ:

Հայոց  ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն նկատել` անշուշտ կը հակասէ արտայայտութեան կամ կարծիքի ազատութեան: Այս մասին կասկած չկայ: Բայց ես կ՛ուզեմ կանգ առնել ուրիշ կէտի մը վրայ:

Այնպէս կը հասկցուի, որ Ֆրանսայի կողմէ հարիւր տոկոս սխալ այսպիսի որոշումի մը օրակարգի բերուիլը շատ հաճելի նիւթ դարձած է մեր այն շրջանակներուն համար, որոնք ամէն խնդրի մէջ պետական տեսակէտին կամ ազգայնապաշտութեան կողքին կը կանգնին: Իրաւ ալ անոնք հիմա 40 տարին անգամ մը առիթ գտեր են քննադատելու կարծիքի ազատութեան դէմ ուրիշի մը բռնաբարումը: Այսինքն դերերը շրջուեր են հակառակ ուղղութեամբ: Անոնք, որոնք մինչեւ այսօր մեր ծոծրակը ծեծեր են` «կարծիքի ազատութիւնը կը սահմանափակէք» ըսելով, հիմա իրե՛նք են, որ սահմանափակեր են կարծիքի ազատութիւնը, եւ անշուշտ որ մերինները անոր պիտի տան արժանի պատասխանը:

Միայն թէ հարց մը կայ: Սխալ մը մատնանշելը բաւարար չէ, որպէսզի դուք անմիջապէս բազմած նկատուիք ճիշդ դիրքի վրայ: Ես կ՛ուզեմ կարգ մը հարցումներ ուղղել բոլոր անոնց, որոնք երբ Ֆրանսան կը մեղադրեն, իրենք զիրենք շատ հաստատուն գետնի վրայ կը կարծեն: Ահա՛ հարցումը:

Դուք չէ՞ք ամչնար այս երկրին չորս կողմը տակաւին տեսնելէ Թալէաթ փաշա նախակրթարաններ, Թալէաթ փաշա պողոտաներ, Թալէաթ փաշա պուլվարներ: Բնաւ չէ՞ք հետաքրքրուիր, թէ մեր հայ հայրենակիցները ի՞նչ կը զգան, երբ կ՛անցնին իրենց կողմէ «Մեծ եղեռն» կոչուած դէպքի մեծագոյն պատասխանատուին անունով մկրտուած պողոտաներէն կամ դպրոցներէն: Դուք բնաւ անհանգստութիւն չէ՞ք զգար` անդրադառնալով, որ մեր դասագիրքերուն մէջ մէկ տողով իսկ չէ խօսուած այս նիւթին մասին, թէ ինչպէ՛ս հանրապետութեան սերունդները քողարկած են մեր պատմութեան այս սեւ էջն ու իթթիհատականներուն յանցանքը: Նոյնիսկ պաշտպանած են այդ յանցագործները:

Դուք ընդունելի կը գտնէ՞ք արդեօք, որ դեռ երկու օր առաջ երբ այս նիւթին մասին կը խօսուէր խորհրդարանին մէջ, այս յանցագործութիւնը յիշեցնող երեսփոխանի մը վրայ յարձակում գործուի հայհոյութիւններով եւ դաւաճանութեան ամբաստանութիւններով: Ասիկա, ըստ ձեզի, կը յարմարի՞ կարծիքի ազատութեան:

Պատահարին անունը ցեղասպանութիւն է եղեր կամ չէ, ի՞նչ կը փոխուի:

Այս պատահարը, կ՛ուզէք հայերու պէս «Մեծ եղեռն» անուանեցէք, կ՛ուզէք` «սպանդ կամ կոտորած», ձեր պաշտօնական բերաններն իսկ ընդուներ են, որ 300 հազար հայեր մեռած են այդ օրերուն: Պետութիւնը, ինչպէս որ Տերսիմի մէջ ափ մը ապստամբը իբրեւ պատրուակ գործածելով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 16 հազար, ըստ տերսիմցիներու ալ 40 հազար անմեղ մարդ կոտորեր է, այդպէս ալ ափ մը հրոսախումբը իբրեւ պատրուակ գործածելով` պատճառ դարձեր է, ըստ պետական տուեալներու, 300 հազար, իսկ ըստ կարգ մը պատմաբաններու ալ մէկ միլիոն անմեղ հայու մահուան:

Լա՛ւ, դուք ի՞նչ կ՛ընէք ձեր պապերուն կատարած այս սպանդին դիմաց: Բնաւ օրակարգի բերի՞ք Թալէաթ փաշայի անունը պողոտաներէն, դպրոցներէն ջնջելու առաջարկ մը: Որեւէ 24 ապրիլի օրով մեր հանրապետութեան նախագահներէն մէկը կամ պետական մարդ մը ելա՞ւ այս սպանդի տարեդարձին առիթով հայ ժողովուրդին ցաւը բաժնելու, ըսա՞ւ, որ մեծ ցաւ կը զգայ այդ պատահարէն, երկու տողնոց պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրատարակե՞ց: Դուք, փոխանակ աշխարհի զանազան կողմերը բացուած յուշարձաններու դէմ կրակ ժայթքելու, ինչո՞ւ մինչեւ հիմա խելք չըրիք 1915-ի զոհերուն համար յուշարձան մը բանալ: Ինչո՞ւ բնաւ չփորձեցիք այդպիսի յուշարձանի մը առջեւ ծաղկեփունջ մը ձգելով` զգացնել, որ դուք ալ կը բաժնէք այս ցաւով մինչեւ այսօր տառապող մեր հայ հայրենակիցներուն զգացումները:

Եթէ այս բոլորը կատարուած ըլլային, այսինքն եթէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետութիւնը իննսուն տարիէ ի վեր, փոխանակ իթթիհատականներու յանցանքը պարտկելու, ինքզինք անոնցմէ զատէր եւ հետեւէր յանցագործութիւնը անիծող քաղաքականութեան մը, այսօր այլեւս մանրամասնութիւն կը դառնար այն հարցը, թէ ասիկա ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ չէր:

Այն ատեն թերեւս աշխարհի ամէն կողմը համրիչի մը հատիկներուն պէս ցրուած հայ ժողովուրդի զաւակներն ու թոռները մեզի նկատմամբ այսքան մեծ ատելութիւն չէին զգար:

Եւ թերեւս այն ատեն այս երկրին մէջ ապրող հայերն ալ իրենք զիրենք քիչ մը աւելի շատ որպէս հայրենակից կը զգային:

 

Share this Article
CATEGORIES