Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Աշակերտները

Կիրակի, 10 փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի սուրբ եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Կիրակնօրեայ վարժարաններէն խումբ մը մանուկներ իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին` առնելու համար Անոր օրհնութիւնը: Վեհափառը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին` քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզին մէջ:

Յայտնենք, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ 1930-ին հաստատուած Կիրակնօրեայ վարժարանները աշխուժ կերպով կը գործեն բոլոր թեմերուն մէջ: Կիրակնօրեայ վարժարաններուն ընդհանուր վարիչ տնօրէնն է Ղեւոնդ վրդ. Բէնդէզեան:

Share this Article
CATEGORIES