«Ամերիկան Կը Փորձէ Աշխարհը Ղեկավարել» Կ՛ըսէ Լաւրով
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ռուս որոշ պաշտօնեաներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատող օրէնքի որդեգրումը պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու հին գործելաոճով` «Միացեալ Նահանգները աշխարհի թիւ մէկն են» կարգախօսով:
«Քոնկրեսականներու` հին ոճով ղեկավարելու այդ ցանկութիւնը` «Ամերիկան թիւ մէկն է, Ամերիկան կը վարէ եւ միւս բոլորը պէտք է ընեն այն, ինչ մենք կ՛ըսենք»: Սակայն ինքնին ձեւը, որով այդ յարաբերութիւնները կ՛արտայայտուին Ռուսիոյ նկատմամբ, ցոյց կու տայ, որ բացի ցանկութեան ներկայացումէն, ամերիկացիները այլ միջոցներ չունին ապացուցելու, որ անոնք աշխարհի թիւ մէկն են եւ կրնան իրենց ուզածը ընել», ըսած է Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը:
Ըստ անոր, «Մակնիթսքիի օրէնքը» ծնած էր «բացարձակապէս ոչինչէ»: «Մակնիթսքիի անուան օրէնքը ցուցադրական էր… Եթէ ամերիկեան իշխանութիւնները նպատակ ունէին ռուսերէն որեւէ մէկուն պատժել` չարտօնելով իրենց տարածք անոր մուտքը, ապա ատիկա կարելի է ընել առանց բարձրագոչ յայտարարութիւններու: Միջազգային օրէնքին համաձայն, իւրաքանչիւր կառավարութիւն եւ պետութիւն կրնայ որեւէ մարդու արգիլել մուտք գործել` չբացատրելով պատճառը: Եթէ կ՛ուզէք հաշիւները կալանքի տակ դնել եւ ապացուցել անոնց անօրինական ծագումը, ապա ատիկա եւս միջազգային օրէնքով ամբողջովին կը թոյլատրուի», նշած է ան:
Լաւրով նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու արգելակումը հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի պատճառով էր: Եւ ատիկա այն պարագային, երբ 2009-ի սկիզբին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտընը յառաջ քշեց «վերբեռնում» եզրը` նկատի ունենալով Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու թարմացումը:
«Չեմ ուզեր, որ Ռուսիան անթերի երեւի, սակայն արգելակումը, դէպքերու մեծ մասով, կը դիտուէր ամերիկեան կողմէն», յայտարարած է Լաւրով` աւելցնելով, որ «նոյնիսկ ոչ այնքան արգելակում, որքան գործողութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կը հակադրուէին անոր, ինչի մասին համաձայնած էին նախագահները եւ փոխըմբռնումներ ձեռք բերած: Չեմ ուզեր օրինակներ մէջբերել: Ատիկա շատ մօտիկ անցեալին կը պատկանի»:
Լաւրով նաեւ յայտարարած է, որ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացիները թմրեցուցիչներու անօրինական շրջանառութեամբ կը զբաղին: «Ես տեղեկութիւններ տեսած եմ, որ ամերիկացիները, իրենց հրամանատարութենէն գաղտնի, անօրինական ձեւով կը մասնակցին թմրեցուցիչներու վաճառքի հոլովոյթին», ըսած է նախարարը:
«Միացեալ Նահանգները առանձին չէին կրնար եւ չեն ալ կրնար Աֆղանիստանի մէջ բան մը ընել», նշած է Լաւրով` աւելցնելով, որ «ճիշդ է, դաշնակիցներու կազմին մէջ ալ անոնք քիչ բանի կրցան հասնիլ: Ահաբեկչական վտանգը որեւէ ձեւով չէ անհետացած, իսկ թմրեցուցիչի վաճառականութեան վտանգը բազմապատկուած է: Անոնք արդէն ֆիզիքապէս ունակ չեն որեւէ հարց լուծելու, հակառակ անոր որ տակաւին կը մնան ամէնէն հզօր զինուորական, տնտեսական եւ ֆինանսական տէրութեան կարգավիճակին մէջ: Պատահական չէ, որ Պարաք Օպաման, Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ այսուհետեւ պէտք է ձգտի որեւէ խնդիր պարտադիր միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ լուծել»:
«Միացեալ Նահանգները մէկ ժամուան մէջ պիտի չվերափոխուին», ընդգծեց Լաւրով` աւելցնելով, որ «անոնց պէտք է վարժեցնել, որ գործերը կարելի է իրականացնել միայն հաւասարութեան, հաւասարակշռութեան եւ շահերու փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ»:


