Բրիտանական Կառավարութիւնը Կը Զգուշացնէ Սկովտիան Անկախութիւն Հռչակելէ

Բրիտանական կառավարութիւնը թափ տուաւ Սկովտիոյ` Միացեալ թագաւորութենէն անջատուելու մտադրութիւնը կանխարգիլելու իր ջանքերուն եւ հրապարակեց իրաւաբանական տեսակէտ մը, ըստ որուն անկախանալու պարագային Սկովտիան պիտի կորսնցնէ Եւրոպական Միութեան նման միջազգային կազմակերպութեանց իր անդամակցութիւնը:

Սկովտիոյ իշխող Սկովտիական ազգայնական կուսակցութիւնը մտադիր է յառաջիկայ տարի անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարել: Բրիտանական կառավարութիւնը նշեց, որ հանրաքուէին արդիւնքը Սկովտիոյ միջազգային կարգավիճակի տուչութեան վրայ պիտի չազդէ:

Բրիտանական կառավարութիւնը աւելցուց, որ «եթէ Սկովտիան անկախ դառնայ, ապա Միացեալ Թագաւորութեան բաղադրիչ մնացեալ մասերը  ինքնաբերաբար պիտի շարունակեն այժմու նման միջազգային օրէնքի համաձայն նոյն իրաւունքները, յանձնառութիւններն ու իշխանութիւնները վայելել եւ պիտի չստիպուին գործող համաձայնութիւններուն շուրջ վերաբանակցելու կամ միջազգային կազմակերպութեան անդամակցութեան համար նոր դիմումներ ներկայացնելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES