10 Հազար Մանաթի Պարգեւ` Այլիսլիի Ականջը Կտրողին
Ազրպէյճանի կառավարամէտ Ժամանակակից Մուսաւաթ կուսակցութիւնը որոշում տուած է պարգեւատրելու այն անձը, որ պիտի կտրէ ազրպէյճանցի անուանի գրող, երկրին մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած «Քարէ երազներ» վէպի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի ականջը:
«Թուրան» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին կուսակցութեան ղեկավար Հաֆիզ Հաճիեւ հաստատած է այդ փաստը: Հաճիեւ շեշտած է, որ այս որոշումը ամուր է եւ չեղեալ պիտի չյայտարարուի: Ան յայտնած է, որ Այլիսլիի համար բոլոր պատիժները քիչ կ՛ըլլան եւ անհրաժեշտ է անոր ականջը կտրել: Ըստ կուսակցութեան ղեկավարին, այս որոշման գործադրումը յանձնարարուած է կուսակցութեան երիտասարդական բաժանմունքի անդամներուն: Որոշումը կատարողը պիտի ստանայ 10 հազար մանաթ (աւելի քան 12.5 հազար տոլար):
Ըստ իրաւաբաններուն, Հաճիեւ այսպիսի կոչի համար ենթակայ է քրէական պատիժի` բանտարկութեան: Սակայն, ազրպէյճանցի իրաւապահները կ՛անտեսեն իշխանամէտ գործիչին յայտարարութիւնները:
Գրող Աքրամ Այլիսլի այդ առնչութեամբ «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ անոնք, որոնք ազատութիւն կու տան Հաֆիզ Հաճիեւի նմաններուն, կը կործանեն ազրպէյճանցի ժողովուրդին բարոյականութիւնը:
Ազրպէյճանցի գրողը ընդգծած է, որ բնականոն երկրի մը մէջ իրաւապահ մարմինները պատասխանատուութեան կ՛ենթարկէին այսպիսի յայտարարութիւններ կատարողներուն:
Նշելով, որ «Թուրան»-ի միջոցով կը դիմէ իրաւապահ մարմիններուն` իր ապահովութիւնը պաշտպանելու կոչով, Այլիսլի աւելցուց, որ եթէ իրաւապահ մարմինները գործուն միջոցներու չձեռնարկեն, ինք ստիպուած պիտի ըլլայ ընտանիքին հետ մեկնելու երկրէն:


