«Վարչակարգը Նախաձեռնութիւնս Մերժելով Ներքին Եւ Արտաքին Աշխարհին Շատ Ժխտական Պատգամ Մը Յղեց» Կ՛ըսէ Խաթիպ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յորդանանեան պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիա իր անշեղ սկզբունքներէն պիտի չհրաժարի, որքան ալ ճնշումները շատնան եւ բազմանան դաւերը, որոնց թիրախը ոչ միայն Սուրիան է, այլեւ` բոլոր արաբները»:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ յայտնեց, որ «Սուրիոյ քանդումը արգիլելու համար ջանք թափելը շարունակելու արգելք մը չունինք, ինչպէս նաեւ արգելք չունինք շարունակելու մինչեւ մահանանք եւ Սուրիան վարչակարգէն ազատագրուի»:

Ան վարչակարգին կոչ ուղղեց «հեռանալու»` շեշտելով, որ իր նախաձեռնութիւնը «տկարութիւն» չէ, այլ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը դադրեցնելու համար «ձեռքի երկարում»: Ան յոյս յայտնեց, որ «այս հարցը հասկնալի ըլլայ վարչակարգին, որուն կրնայ երկրորդ առիթ մը չտրուիլ»:

Գահիրէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Խաթիպ յայտնեց, որ «վարչակարգը մինչեւ հիմա յստակ պատասխան մը չտուաւ, թէ պատրաստ է արիւնահեղութիւնն ու քանդումը խնայելու համար հեռանալու»:

Խաթիպ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ պատրաստ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչներուն հետ բանակցելու: «Բանակցութիւններուն նիւթ պիտի ըլլան նուազագոյն արիւնահեղութիւններով եւ աւերածութիւններով իշխանութեան փոխանցման առնչուող հարցերը», ընդգծեց Խաթիպ:

Ան բանակցութեան համար կ՛առաջարկէ հիւսիսային Սուրիան` նկատի ունենալով, որ իշխանութիւնը մտահոգ է երկրին գերիշխանութեամբ եւ չ՛ուզեր երկրին տարածքէն հեռանալ:

Աւելի ուշ, Խաթիպ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգէն հասած ժխտական նշաններու լոյսին տակ, Ազգային համաձայնական մարմինի քաղաքական խորհուրդը կը ստանձնէ բանակցային նախաձեռնութեան քննարկումը, ապա մարմինին 20 փետրուարին կը ներկայացնէ ատոր շուրջ իր որդեգրած որոշումը»:

«Նախաձեռնութեան շուրջ վարչակարգէն եկած ժխտական նշանները, ներառեալ` բանակցութիւնները իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանի մը մէջ կայացնելու նախապայմանը, ձերբակալեալներու անուանացանկի մը իրեն ուղարկուիլը, ինչպէս նաեւ համաձայնական մարմինին փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհին հետ բանակցելու պահանջը «խանգարիչ պայման» նկատելը», ըսաւ ան` նշելով, որ «վարչակարգը փախցնելով այս հազուադէպ առիթը, որուն նպատակը բացառապէս մարդասիրական էր, ներսին եւ արտասահմանին շատ ժխտական պատգամ մը յղեց»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ միջինարեւելեան բաժանմունքի բանբեր Տանիել Ըրնեսթ էմիրաթական «Պայան» օրաթերթին յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը պէտք չէ Հըզպալլային զէնքեր փոխանցելու ճամբով շրջանին կայունութեան քայքայումը բարձրացնէ»` շեշտելով, որ իր երկիրը զօրավիգ կը կանգնի սուրիացի ժողովուրդին այն տեսակէտին, որ բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնը կարելի է կատարել վարչակարգի կարգ մը անդամներուն հետ:

Ան նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը չի կրնար Ասատը ներառել, ինչ որ սուրիացի ժողովուրդին եւ ընդդիմութեան գլխաւոր պահանջն է»` աւելցնելով, որ ընդդիմութիւնը իր ուժերու ամրապնդման մէջ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է:

Միւս կողմէ, երէկ Թուրքիա-Սուրիա սահմանային շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը, ըստ թուրք պաշտօնատարի մը, պատճառեց 7 զոհ եւ 30 վիրաւոր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES