Պենետիկտոս Ժզ. Պապը Կը Հրաժարի Իր Գահէն
Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապը 8-ամեայ գահակալութենէ մը ետք այս ամիս պիտի հրաժարի կաթողիկէ եկեղեցւոյ գահակալի պաշտօնէն` յայտնելով, որ իր առաքելութիւնը շարունակելու համար շատ ծեր է: Անսպասելի զարգացումը անակնկալի մատնեց կառավարութիւններ, Վատիկանի անցուդարձին հետեւողներ եւ մինչեւ իսկ 85-ամեայ պապին ամէնէն մտերիմ գործընկերները:
Վատիկան յայտարարեց, որ կը նախատեսէ, որ մարտի վերջաւորութեան, Ս. Զատիկէն առաջ նոր պապ մը ընտրուի: Պապական հրաժարականը աննախադէպ չէր, սակայն ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջինն էր:
Վատիկանի բանբեր հայր Ֆրետերիքօ Լոմպարտի յայտնեց, որ նոյնիսկ պապին ամէնէն մտերիմ օգնականները չէին գիտեր, թէ ի՛նչ կը ծրագրէ, եւ լուրը լսելով ապշած են: Ան աւելցուց, որ որոշումը «մեծ քաջութեան» եւ «վճռականութեան» ցուցանիշ է: Պապին եղբայրը յայտնեց, որ բժիշկներ գերմանացի քահանայապետին թելադրած էին հեռաւոր ճամբորդութիւններ չկատարել, եւ ան ամիսներէ ի վեր հրաժարելու մասին կը մտածէր: Կէորկ Ռացինկըր յայտնեց, որ իր եղբայրը հետզհետէ քալելու աւելի դժուարութիւն կ՛ունենայ, եւ անոր հրաժարիլը «բնական հոլովոյթի» մը մաս կը կազմէ: Կարտինալ Ժոզեֆ Ռացինկըր 78 տարեկան էր, երբ ապրիլ 2005-ին պապ ընտրուեցաւ, ինչ որ զինք կը վերածէ պատմութեան ընթացքին պապ ընտրուած ամէնէն տարեց անձերէն մէկը:
Պենետիկտոս ԺԶ. պապը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ «Աստուծոյ առջեւ խիղճս իրերայաջորդ կերպով քննելէ ետք այն հաստատ եզրակացութեան հասայ, թէ ուժս, յառաջացած տարիքիս պատճառով, այլեւս յարմար չէ պատշաճ գահակալութեան համար»: Ան նշեց, որ ինք կը գիտակցի, թէ իր հովուապետութիւնը հոգեւոր բնոյթի է, սակայն ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործերով պէտք է գործադրուի` աւելցնելով, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին եկած է այն եզրակացութեան, թէ անկարող է իրեն վստահուած պարտականութիւնը պատշաճ կերպով կատարելու: «Այդ պատճառով եւ քաջ գիտակցելով այս արարքին լրջութեան, ամբողջական ազատութեամբ կը յայտարարեմ, որ 19 ապրիլ 2005-ին կարտինալներուն կողմէ ինծի վստահուած Հռոմի քահանայապետի, Ս.Պետրոսի յաջորդի պաշտօնէն կը հրաժարիմ, այնպիսի ձեւով մը, որ 28 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հռոմի աթոռը, Ս. Պետրոսի աթոռը դատարկ պիտի ըլլայ» եւ նոր քահանայապետ մը ընտրելու համար ժողով մը պէտք է գումարուի:
Ըստ եկեղեցական կանոնի, պապին հրաժարականը վաւերական կը նկատուի, երբ որոշումը տրուած է ազատ կերպով եւ պատշաճ կերպով արտայայտուած է:
Գերմանական կառավարութեան բանբերը ըսաւ, որ ինք «զգացուած ու ազդուած է» պապին հրաժարումով: «Գերմանական կառավարութիւնը մեծագոյն յարգանքը ունի քահանայապետին նկատմամբ, իր կատարածին եւ իր կեանքի ընթացքին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ իր ներդրումին համար»` աւելցնելով, որ ան «յարգանքի» եւ «երախտագիտութեան» արժանի է:
Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթի յայտարարեց, որ «անսպասելի լուրէն մեծապէս ցնցուած է»:
Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի փոխարինման մեծագոյն թեկնածուն Կանայի կարտինալ Փիթըր Թըրքսընն է:
Իսկ մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի տեղակալ Պուլոս Սայահ եպիսկոպոս յայտարարեց, որ Վատիկանի գահը բարձրանալու 120 թեկնածուներէն մէկն է Պշարա Ռայի պատրիարքը:

