Ազրպէյճանական Բանակը Սահմանին Մօտ Լայնածաւալ Ռազմափորձերու Սկսած Է

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական բանակը ճակատային գիծին վրայ լայնածաւալ ռազմափորձերու սկսած է:

Զինուորական աղբիւրները ԱՓԱ-ին յայտնած են, որ Թարթառի շրջանին մէջ տեղի ունեցող ռազմափորձերուն կը հետեւի Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը:

Ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ այս շաբթուան վերջը:

Share this Article
CATEGORIES