Բանտարկեալներ Փոխադրող Յատուկ Փոխադրատարը Արկածի Կ՛ենթարկուի

Թրիփոլիի արգելարանէն բանտարկեալներ փոխադրող յատուկ փոխադրատարը երէկ Տորայի մայրուղիին վրայ ենթարկուեցաւ արկածի մը, որուն պատճառով զոհ գնաց Ա. ենթասպայ Հաշեմ Հիւսէյն, որ պատասխանատու էր բանտարկեալներուն դատարան փոխադրութեան:

Բանտարկեալները, որոնք թիւով 17 հոգի են, 14` արական սեռի պատկանող եւ 3` իգական սեռի պատկանող բանտարկեալներ, անվնաս մնացին. անոնցմէ միայն չորսը թեթեւօրէն վիրաւորուեցան եւ փոխադրուեցան Մար Եուսեֆ հիւանդանոց:

Լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը իսկոյն հասան դէպքին վայրը եւ բանտարկեալները փոխադրեցին այլ փոխադրատար մը:

Այս արկածը պատճառեց երթեւեկի ահաւոր խճողում մը:

 

Share this Article
CATEGORIES