Ժոմպլաթ Ողջունեց Ռայի Պատրիարքին Սուրիա Այցելութիւնը Եւ Կոչ Ուղղեց Զօրակցելու Բանակին
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Արսալ գիւղաքաղաքը պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ ազգային ու պայքարող գիւղաքաղաք եւ ոչ թէ իբրեւ որջ մը, որ շրջափակուած է լիբանանեան բանակին կողմէ:
Ան հաստատեց, որ եթէ Արսալը շրջափակուած է, ապա անիկա այդպէս կատարուած է կարգ մը միջնորդներու կողմէ, որոնք կը փափաքին աղաւաղել Արսալի արաբական պատմութիւնը:
Ժոմպլաթ աւելցուց, որ Արսալը շրջափակողները նաեւ կու գան հիւսիսային Լիբանանէն, ուր անոնք ամպիոններէն ճառեր կ՛արտասանեն` մոռնալով լիբանանեան բանակին զոհողութիւնները Նահր Պարետի ճակատամարտներուն ընթացքին, երբ ան կը փորձէր հիւսիսային Լիբանանի մէջ հրահրուած համայնքային գրգռութիւններուն վերջ տալ:
«Եթէ շրջափակում մը կայ, այդ ալ պատասխանատուներու եւ երեսփոխաններու կողմէ է: Այնպիսի երեսփոխաններու, որոնք կ՛օգտուին Մուսթաքպալ հոսանքի անիշխանութենէն եւ հոսանքին մէջ տիրող ընդհանուր կորսուածութենէն` իրենց ախորժակները սրելով վարչապետարանին եւ վարչապետութեան պաշտօնին նկատմամբ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով վերջ տալու այդ մօտեցումին եւ ուղղուելու լիբանանեան բանակին զօրակցութեան:
Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ոմանք կը փափաքին ամէն գնով Սուրիոյ տագնապը Լիբանան ներածել, «բաւարար չե՞ն արդեօք Լիբանանին ունեցած ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական հարցերը», աւելցուց հարց տալով ան:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց եւ ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութիւնը, որուն շնորհիւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ համայնքին յոյսի նշոյլ մը ներարկուեցաւ:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հասցէին ուղղուած դատապարտումները` շեշտելով, որ Սլէյման նախագահ ընտրուած է լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային հազուագիւտ համախոհութեամբ:

