Ռաատ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Յետաձգելը Լիբանանը Պիտի Առաջնորդէ Դէպի Անորոշութիւն»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ կոչ ուղղեց առիթը օգտագործելու եւ յանգելու ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որ ոչ ոք կ՛անիրաւէ:
Ռաատ նշեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք կը մնան անիրաւուած` այն պատճառաբանութեամբ, որ Հըզպալլան զէնք ունի, մինչդեռ այլ ուժեր զէնք ու զինամթերք կը բաժնեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Ռաատ պահանջեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու պարագային երկրին եւ վարչակարգին բացթողումները պիտի բացայայտուին:
Ռաատ հարց տուաւ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն, որ արդեօք անոնք վերատեսութեան պիտի ենթարկե՞ն ընտրական օրինագիծերը մինչեւ 18 փետրուար, թէ՞ երկիրը պիտի մղեն մուտք գործելու դէպի անորոշութիւն:
CATEGORIES Լիբանանեան

