Զօր. Աուն Խստիւ Կը Դատապարտէ Փտածութիւնն Ու Զայն Տարածող Պատասխանատուները

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ներկայ գտնուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կողմէ պատրաստուած «Իպրա Մուսթահիլ» գիրքի գինեձօնին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին` խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի ներկայացուցիչը եւ բազմաթիւ նախարարներ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց փտածութիւնն ու փտածութիւն տարածող պատասխանատուները, որոնք կը սպառնան լիբանանեան պետութեան քանդումին` նկատի ունենալով, որ ոչ ոք զանոնք հաշուետուութեան կը կանչէ:

«Լիբանանի մէջ քաղաքական ուժի ղեկավար մը, երեսփոխան մը, նախարար մը, դատաւոր մը չմնաց, որ փտածութեան մասին չխօսի, սակայն այդ փտածութեան դէմ ոչ ոք ձեռք երկարեց: Ինչո՞ւ այդքան վախնալ փտածութենէն եւ չկարենալ այդ մասին ձայն բարձրացնել», հարց տուաւ զօր. Աուն:

Ան շեշտեց լիբանանեան պետական գանձարկղին հսկելու եւ զգուշ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է անպայման զսպել եւ հակակշիռի տակ առնել մսխումները, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել երկրին տնտեսական իրավիճակը:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ Լիբանանը իր բոլոր կառոյցներով եւ հաստատութիւններով լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի:

Share this Article
CATEGORIES