Դատախազ Սաքըր 34 Հոգի Ամբաստանեց Արսալի Դէպքին Մեղսակցելու Յանցանքով
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր Արսալի մէջ արձանագրուած միջադէպին հարցով երէկ 34 հոգի ամբաստանեց:
Ամբաստանուող յանցագործներուն մաս կը կազմեն երկու ձերբակալեալներ, 25 յանցագործներ, որոնք ինքնութիւնը յստակ է, ինչպէս նաեւ պահանջեց բացայայտել մնացեալ եօթը յանցագործներուն ինքնութիւնը:
Սաքըր իբրեւ վկայ հարցաքննութեան կանչեց նաեւ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրին:
Միւս կողմէ, բանակը Արսալի մէջ շարունակեց ապահովական իր խիստ միջոցառումները եւ խուզարկումներ կատարեց` փնտռելով բանակին դէմ կրակող յանցագործները:
Նշենք, որ բանակը Արսալի մէջ ներխուժեց զէնքի պահեստանոցներ եւ ստացաւ յաւելեալ ջոկատներու օժանդակութիւն:
CATEGORIES Լիբանանեան

