Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Նահատակ Իպրահիմ Զահրամանի Ընտանիքն Ու Մուսթաքպալի Պատուիրակութիւնը

Զօր. Քահուաժի` Մուսթաքպալի պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալի մէջ նահատակուած բանակի ենթասպայ Իպրահիմ Զահրամանի ընտանիքը, որուն կ՛ընկերակցէին երեսփոխան Խալետ Զահրաման եւ Նիտալ Թոհմէ:

Զահրաման ընտանիքը շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Քահուաժիի` ընտանիքին յայտնած ցաւակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բանակին հրամանատարութեան որդեգրած քայլերուն համար` արդարութեան գործադրութեան ի խնդիր:

Եարզէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի:

Հանդիպումին ընթացքին Մուսթաքպալ հոսանքի պատուիրակութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց զօր. Քահուաժիի` Արսալի մէջ բանակի հազարապետ Փիեռ Պաշաալանիի եւ ենթասպայ Իպրահիմ Զահրամանի նահատակութեան առիթով:

Քննարկուեցան Արսալի դէպքին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Մաժտալանի խստիւ դատապարտեց Արսալի միջադէպը եւ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին` երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելուն համար:

Share this Article
CATEGORIES