Պըրրի Շնորհաւորեց Ռայի Պատրիարքը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն շնորհաւորեց Մար Մարոնի տօնին առիթով:
Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց նախկին նախարարներ Ժան Օպէյտը եւ Մոհսեն Տալլուլը:
Միւս կողմէ, ընդառաջելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրին, Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Անտրէ Ֆլահօ երէկ կէսօրէ ետք եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:
Ֆլահոյի դիմաւորեցին Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ արտաքին յարաբերութեանց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր:
CATEGORIES Լիբանանեան


