Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Նախարարական-Տնտեսական Երկխօսութեան Յանձնախումբի Նիստին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական-տնտեսական երկխօսութեան յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար Մարուան Խէյր եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, ինչպէս նաեւ Տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի:
Նիստէն ետք Քասսար յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկած են լիբանանեան տնտեսութեան բարգաւաճման զարկ տալու արագ քայլեր, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն բացի այլ օդակայան մը բանալու կարելիութիւնը:
Քասսար նշեց, որ նիստը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Մորապեթօ յայտնեց, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը յանձնառու է Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան հաստատումին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ:
Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերն ու անոր պատճառով Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմաններն ու լուրջ մարտահրաւէրները:
Ան շեշտեց, որ պէտք է լուսարձակի տակ առնել այն իրականութիւնը, թէ Լիբանան օժանդակութեան կարիք ունի:
Էխհորեսթ ընդգծեց, որ ինք Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան վերաբերող կարգ մը թղթածրարներ:
Անդրադառնալով Պուրկասի պայթումին` Էխհորեսթ հաստատեց, որ իրենք տեղեակ չեն այդ մասին Եւրոպական Միութեան որդեգրելիք միջոցառումներէն:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ արաբական կամ օտար որեւէ երկիր պայթումի թիրախ դարձնել:
Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մտերիմ յարաբերութիւն մը կայ եւ մերժելի է այդ յարաբերութիւնը թիրախ դարձնել:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, որ Միքաթիի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

