Նախագահ Սլէյման. «Բանակին Դէմ Յարձակումը Մերժելի Է»

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ օրէնքի եւ իրաւունքի պետութիւնը կարելի չէ կերտել առանց արդարութեան:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ինչ ալ ըլլան պատճառները, բանակին դէմ յարձակումը մերժելի է:

Ան հաստատեց, որ այս հարցով արդարութիւնը պիտի գործադրուի եւ նահատակ զինուորներուն արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի:

Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց Արսալի մէջ նահատակուած բանակի ենթասպաներէն Իպրահիմ Զահրամանի ընտանեկան պարագաները ընդունելու ընթացքին: Ընտանեկան պատուիրակութեան ընկերակցեցան երեսփոխաններ Խալետ Զահրաման եւ Նիտալ Թոհմէ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ: Քննարկուեցան Արսալի միջադէպին մասին բացուած հետաքննութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրինագիծերուն մշակման վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Իսմայէլ Սըքքարիէի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES