Ընտրական Օրինագիծի Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Քննարկեց Շեհայէպի Եւ Պեզզիի Առաջարկները
Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի երէկ առաւօտեան գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին մանրամասն կերպով քննարկեց երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպի եւ Ալի Պեզզիի առաջարկները:
Խորհրդարանական ենթայանձնախումբը անցեալ շաբթուան ընթացքին սկսած էր քննարկել այդ առաջարկները, որոնք մանրամասնութեամբ քննարկուեցան երէկ:
Ենթայանձնախումբը քննարկելէ ետք Շեհայէպի կողմէ ներկայացուած խառն ընտրական օրինագիծը, որուն հիման վրայ խորհրդարանին 70 առ հարիւրը պէտք է ընտրուի մեծամասնական դրութեամբ, իսկ 30 առ հարիւրը` համամասնական դրութեամբ, քննարկեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի օրինագիծը, որ ներկայացուեցաւ երեսփոխան Ալի Պեզզիի կողմէ. այս օրինագիծին հիման վրայ 64 երեսփոխան պէտք է ընտրուի մեծամասնական դրութեամբ եւ մնացեալ 64-ը` համամասնական դրութեամբ:
Քննարկումներուն ընթացքին Պըրրիի օրինագիծին շուրջ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանները վերապահութիւն ցուցաբերեցին:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կողմէ սեփական ընտրական օրինագիծի ներկայացումը յետաձգուեցաւ այսօրուան:
Նիստին սկսելէ առաջ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ այսօր ընտրական օրինագիծեր, պատկերացումներ եւ առաջարկներ ներկայացնելու վերջին օրը եւ առիթը պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախքան նիստին գումարումը լրագրողներուն հետ իր զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Փարիզի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ իր ունեցած հանդիպումին` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի պահեն իրենց միջեւ ընտրական դաշինքը:
Նիստէն ետք Ղանեմ շեշտեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը իր քննարկումները պիտի շարունակէ նաեւ վաղը` չորեքշաբթի օր, իսկ եթէ կարիքը զգացուի, նաեւ հինգշաբթի օր:
Ընտրական օրէնք մը մշակելու ջանքերուն մասին խօսելով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ենթայանձնախումբը ճակատագրական շաբթուան մը դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ եթէ ենթայանձնախումբը չկարենայ ընտրական օրինագիծ մը վերջնականացնել, ապա խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն պիտի ներկայացուի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, որ մեծամասնութեան հաւանութեան արժանացած է:
Պըրրի նշեց, որ խառն ընտրական օրինագիծը որեւէ համաձայնութեան ուղեգիծ դարձած է` նկատել տալով, որ ոչ մէկ կերպով կարելի պիտի ըլլայ երկարաձգել խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքը:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքէն դրական լուծումներ կ՛ակնկալուին, ինչպէս նաեւ բոլոր քաղաքական ուժերը գոհացնող ընտրական օրէնքի մը մշակումը:
Ժահժահ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին առումով վերջնական լուծումի մը չյանգելու պարագային Լիբանան կրնայ մուտք գործել վտանգաւոր եւ մութ փապուղի:


