Սամաթիոյ Չարագործէն Պատգամ Մը

«Մարմարա» կը գրէ, որ Սամաթիոյ հայ բնակիչները, որոնք իրերայաջորդ կերպով կիներու վրայ կատարուած յարձակումներուն պատճառով անհանգիստ օրեր կ՛ապրին, նախընթաց օր կրկին տագնապի մատնուեցան, այս անգամ գողութեան դէպքի մը լրատուութեամբ:

Չարագործը, որ սպաննած էր 85-ամեայ Մարիձա Քիւչիւքը, յարձակում գործած էր 87-ամեայ Թ. Ա.ի եւ 83-ամեայ Սուլթան Այքարի վրայ եւ հայ կին մըն ալ առեւանգել փորձած էր եւ որուն հետքը մինչեւ այսօր տակաւին չէ գտնուած, նախընթաց օր վերստին հրապարակ ելաւ, այս անգամ գողութեան արարքով մը: Գողը, որուն համար կ՛ըսուի, թէ միեւնոյն չարագործ անձն է, Մարիձա Քիւչիւքի բնակած տան կից գտնուող խանութը մտաւ եւ երկաթեայ պահարանին վրայ թուղթ մը ձգեց, որուն վրայ գրուած էր. «Սպաննողը ե՛ս էի»: Խնդրոյ առարկայ անձը Ր. Մ.-ի պատկանող հագուստները գողցաւ` թուղթին վրայ գրելով նաեւ, որ քիչ բան գողցած է, որովհետեւ դրամի պէտք ունէր: Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէնութիւնը, որ չարագործը ձերբակալելու համար պատրաստած է չարագործի ռոպոթ նկարը, քամերաներ զետեղած է թաղին մէջ եւ փողոցներու մէջ գաղտնի ոստիկաններու պաշտօն յանձնած է, այս դէպքին մասին որեւէ լուսաբանութիւն չկատարեց:

Share this Article
CATEGORIES