«Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամ. «Մենաշնորհները Հայաստանի Մէջ» Հետազօտութեան Ներկայացում
«Մենաշնորհները Հայաստանի մէջ» հետազօտութեան ներկայացման ժամանակ երէկ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեան յայտարարեց, որ Հայաստանին բնորոշ է բարձր մենաշնորհային մակարդակը: Ըստ անոր` այսօր շատ կը խօսուի մենաշնորհներու մասին, բայց կարգաւորման տեսակն ու գործնական հարցերը քիչ ուսումնասիրուած են, եւ այս հետազօտութեան նպատակն է պարզել մենաշնորհներու դերն ու ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան յայտնեց, որ համաշխարհային տնտեսութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը մենաշնորհներու առկայութիւնն է, որ յատկապէս սրուած է նոր ձեւաւորուող երկիրներուն մէջ: «Մենաշնորհները մեծ ազդեցութիւն ունին քաղաքական հոլովոյթներուն վրայ: Մեր երկրին մէջ մենաշնորհները ունին 10-12 տարուան պատմութիւն: Մենաշնորհներու գործունէութիւնը` յատկապէս սպառման մարզին մէջ, մեծապէս կ՛ազդէ երկրին վրայ: Մենաշնորհները կը խոչընդոտեն տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան զարգացման: Անհրաժեշտ են համապատասխան դեղամիջոցներ», ըսաւ Լոքեան:
Ըստ անոր, պարտադիր չէ, որ քանի մը ձեռնարկութիւններ գործեն նոյն մարզին մէջ, բայց պետութեան խնդիրն է թոյլ չտալ, որ մենաշնորհները խանգարեն տնտեսութեան զարգացման:
Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, տնտեսագէտ Արա Նռանեան, որ եղած է ուսումնասիրութիւնը իրականացնող աշխատանքային խմբակի անդամ, յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ մենաշնորհներու նիւթը կը կորսնցնէ իր արդիականութիւնը, որովհետեւ բոլորը հաշտուած են ստեղծուած իրավիճակին հետ:
Ան նշեց, որ յատկապէս հիմա` ներկայ քաղաքական հոլովոյթներու շեմին, այսպիսի ուսումնասիրութիւններու հրապարակումը կը յիշեցնէ հանրութեան, որ եթէ կ՛ուզեն փոփոխութիւն, ապա պէտք է այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներ իրականացնեն:
«Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամի եւրոպական շրջանային ներկայացուցիչ Մայքըլ Վէյհարտ նշեց, որ մենաշնորհներու խնդիրը գոյութիւն ունի ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ եւրոպական երկիրներուն, օրինակ` Գերմանիոյ մէջ: Ան յայտարարեց, որ մրցակցութիւնը շատ կարեւոր բաղադրիչ է տնտեսութեան զարգացումը ապահովելու համար:
Վէյհարտ ընդգծեց, որ մենաշնորհներու խնդիրը նաեւ կ՛ազդէ երկրին քաղաքական համակարգին վրայ, եւ մենաշնորհները իրենց դիրքերը պահպանելու համար ստիպուած են ազդելու պետական քաղաքականութեան վրայ: Ըստ անոր, իրենց գործունէութիւնը կազմակերպելու համար կուսակցութիւններուն անհրաժեշտ է ոչ միայն անդամներուն, այլեւ ձեռնարկութիւններուն աջակցութիւնը: Մենաշնորհները սպառնալիք են ոչ միայն երկրի տնտեսութեան, այլեւ ժողովրդավարութեան զարգացման համար:
«Մենաշնորհները Հայաստանի մէջ» հետազօտութիւնը նախաձեռնած են «Ֆրիտրիխ Էպերթ» ու «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամները եւ ՀՅԴ Բիւրոն:


