Հայրիկեան Յետս Կոչեց Նախագահական Ընտրութիւնները Յետաձգելու Գծով Իր Դիմումը

Պարոյր Հայրիկեան

Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեան երէկ յետս կոչեց իր դիմումը Սահմանադրական դատարանէն:

Հայրիկեան դիմում ներկայացուցած էր 18 փետրուարի նախագահական ընտրութիւնները երկու շաբաթով յետաձգելու հարցով:

Սահմանադրական դատարանի նիստը նշանակուած էր երէկ կէսօրին: Վարոյթ ընդունելու մասին որոշում տալու պարագային, թեկնածուն այլեւս չէր կրնար դիմումը յետս կոչել:

Հայրիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ դիմումը յետս կոչելու որոշումը տուած է: Ան յայտնեց, որ ընտրութիւններու օրը անփոփոխ պիտի մնայ` թոյլ չտալու համար որեւէ ստահակի, որ ազդէ Հայաստանի ժողովրդավարական հոլովոյթներուն վրայ:

Հայրիկեան նաեւ յայտնեց, որ նախագահ Սարգսեան նախանցեալ օր իրեն այցելած է, նախքան Սահմանադրական դատարան դիմելը, եւ այդ նիւթը չեն քննարկած:

Պարոյր Հայրիկեան, ինչպէս նաեւ նախագահի միւս թեկնածուները այլեւս չեն կրնար Սահմանադրական դատարան դիմել ընտրութիւնները յետաձգելու պահանջով, քանի որ դիմումներ ներկայացնելու վերջին ժամկէտը նախանցեալ օր աւարտեցաւ:

Նշենք նաեւ, որ Ազգային ինքնորոշում միաւորման առաջնորդը երէկ դուրս ելաւ հիւանդանոցէն:

Share this Article
CATEGORIES