50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1963)
Հաւաքոյթ Ի Պատիւ
Ճեմարանի Թերաւարտներուն
Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած հաւաքոյթը, ի պատիւ Ճեմարանի թերաւարտներուն, տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 փետրուար 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Հարիւրէ աւելի երկսեռ ճեմարանականներ, շրջանաւարտ թէ թերաւարտ, ներկայ եղան այս հաւաքոյթին եւ ընկերական ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ լաւագոյն ժամանցի պահեր ապրեցան:
Գաւաթ մը խմիչքի հիւրասիրութիւնը աւելի եւս բարձրացուց տրամադրութիւնները:
Միութեան ատենապետ տոքթ. Ե. Գոնեալեան խօսք առնելով` ըսաւ.
«Վարչութիւնը մտադրած է յաճախակի դարձնել այս հաւաքոյթները` ստեղծելու համար ճեմարանական սերունդի միջեւ ընկերական մնայուն կապ մը իր սեփական ակումբին մէջ:
«Առաջին առթիւ, անկասկած դժուար էր 500-է աւելի ճեմարանականներու հասցէները ունենալ: Դժուարութիւններ ունեցանք ու մոռացումներ եղան: Քաջալերուած այսօրուան յաջողութենէն եւ ստեղծուած այս ջերմ մթնոլորտէն, ամէն ջանք պիտի թափենք, առանց բացառութեան բոլորին հասցէները ունենալու եւ իրականացնելու մեր ծրագիրը»:
Ներկաները լաւագոյն տպաւորութիւններով բաժնուեցան իրարմէ:
Տոմսեր
Հոգեշահ Զրոյց…
Յարաբերութիւնները լարուած են մէկ կողմէ Ֆրանսայի եւ միւս կողմէ` Անգլիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ: Կը թուի, թէ այս ընթացքով… իրարու բարեւ ալ պիտի չտան:
Հանդիպեցանք ամերիկացի բարեկամի մը, որ պայուսակները կը պատրաստէր Եւրոպա մեկնելու համար ու կ՛ըսէր, թէ որոշած է… Փարիզի երեսը չտեսնել:
– Ինչո՞ւ ծրագրի այս արմատական փոփոխութիւնը,- հարցուցի ամերիկացի Սեմ բարեկամիս:
– Մարդ չեն եղեր, ափսո՜ս:
– Բայց ֆրանսական գրականութիւնը շա՜տ կը սիրէիր…
– Ապերախտ մարդուն գրականութիւնը ի՛նչ ընեմ: Ատոնցմէ մենք ալ շատ ունինք: Նկարագիր պէտք է նախ:
– Հապա մոռցա՞ր, թէ Նիւ Եորքի Ազատութեան արձանը նուիրած են մեզի…
– Ամէն մէկ կտորը ոսկիով վճարած ենք: Անոնց ազատասիրութիւնն ալ իրենց համար է միայն: Ի՞նչ ըրին ձեզի` Կիլիկիոյ մէջ: Նոր կարդացի պատմութիւնը…
– Ուրեմն Փարիզ պիտի չհանդիպի՜ս…
– Կը նախընտրեմ Գերմանիա երթալ: Գերմանները աւելի մօտ են մեզի:
– Սակայն երկու անգամ պատերազմեցանք գերմաններուն դէմ` երեսուն տարուան ընթացքին…
– Բայց երկու անգամին ալ չփրկեցինք: Ֆրանսան փրկեցինք, որպէսզի թշնամի ըլլայ մեզի…
***
Գերմանացի մը Պոսթընի օդակայանին մէջ կը յայտարարէր.
– Ֆրանսա պիտի երթամ, սքանչելի՜ երկիր է. արուեստ, քաղաքակրթութիւն, հաճոյք, բարեկամութիւն…
– Ժամանակ մը առաջ, սակայն, կ՛ըսէիք, թէ ֆրանսացիները ձեր վաղեմի թշնամիներն են եւ 2 հազար տարիէ ի վեր ձեզի դէմ պատերազմած են:
– Սխալ մարդոց դէմ կը կռուին եղեր: Իրենց բուն թշնամիները անգլիացիներն են եղեր: Հիմա հասկցեր են:
– Ուրեմն, երկու հազար տարուան ընթացքին մղուած հարիւրի չափ պատերազմները եւ տասնեակ միլիոնաւոր զոհերը սխալի հետեւանք են…
– Թիւրիմացութի՜ւն է, կը պատահի՜: Ո՞վ չէ սխալած…
– Հապա՞ կ՛ըսէիք նաեւ, որ թեթեւ ժողովուրդ են. կիներու մասին կը մտածեն միայն…
– Երանի՜ մենք ալ անոնց պէս ըլլայինք` փոխանակ քսան տարին անգամ մը պատերազմելու եւ մեռնելու: Կինը սքանչելի էակ է: Չե՞ս կարդար ձեր Սայաթ Նովան…
***
Ազգերու կամ անհատներու բարեկամութիւնը անտարակոյս ցանկալի է. բայց շատ աւելի բաղձալի պիտի ըլլար, որ երբ երկու հոգի կամ երկու ազգեր կը բարեկամանան, ուրիշ… չորս հոգիներու հետ նոր թշնամութիւններ չստեղծեն…
ԳԻՍԱՒՈՐ

