«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը Ռաս Ուլ Այնի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող հին բնակավայր է Ռաս Ուլ Այն: Անիկա ասորական Սիքան քաղաքն է. կը գտնուի Ռաս Ուլ Այն բլրակին հարաւային կողմը, 360 մեթր բարձրութեան վրայ տարածուող լայնատարած դաշտերու մէջ: Հին քաղաքը քիչ մը հեռու, ներկայ Թէլ Ֆախարիա գիւղին մօտ կը գտնուէր: Շրջանը հարուստ է ասորեստանեան եւ արամէական հնութիւններով:
Սիքան հետագային ծանօթ դարձաւ Ռեսայնա անունով: Բիւզանդական տիրապետութեան ժամանակ, Թէոդորոս Ա. կայսեր անունով անիկա վերակոչուեցաւ Թէոդոսիպոլիս: Սասանեաններ 578-ին եւ 580-ին կործանեցին քաղաքը: Արաբներ 640-ին գրաւեցին զայն: Բիւզանդացիք 942-ին յարձակեցաւ քաղաքին վրայ եւ բնակիչներէն շատեր գերեվարեցին: Խաչակիր առաջնորդներէն Եդեսիոյ կոմս Ժոսլին Ա. 1129-ին գրաւեց քաղաքը եւ անոր արաբ բնակիչներէն շատեր սուրի քաշեց: ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն Ռաս Ուլ Այն Զենկիներու, Էյուպեաններու եւ խուարէզմցիներու տիրապետութեան ենթարկուեցաւ: ԺԴ. դարու վերջաւորութեան Լենկթիմուր գրաւեց, կողոպտեց եւ աւերեց Ռաս Ուլ Այնը, որմէ ետք անիկա անշուք բնակավայրի վերածուեցաւ:
Ռաս Ուլ Այն ասորի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսանիստ թեմերէն էր, ուր կային շարք մը վանքեր: Հինէն ի վեր քաղաքը ունեցած է նեստորական աշուրի բնակչութիւն:
*
* *
Ռաս Ուլ Այնի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատեցին Մեծ եղեռնէն ետք: «Ազդակ», 19 սեպտեմբեր 1950-ի թիւով եւ «Ազգային կեանքը Ռաս Ուլ Այնի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ անդրադարձած է շրջանի հայ կեանքին:
«Ռաս Ուլ Այն», պատմական այս գիւղաքաղաքը կը գտնուի Հիւսիսային Սուրիոյ արեւելեան կողմը, թրքական սահմանին մօտ: Իրաք տանող երկաթուղագիծէն երեք քիլոմեթր դէպի հարաւ ընդարձակ դաշտագետնի մը վրայ: Գամիշլիի եւ Ռաքքայի միջեւ կարեւոր հանգոյց մը կը կազմէ, որպէս երթեւեկի կարեւոր կեդրոն: Հարուն Ռաշիտի քաղաքէն վերջ, Թէլ Ապիատէն 110 քիլոմեթր դէպի արեւելք, իսկ Ռաքքայէն 165 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւելք տարածուող` երկրագործական այս կարեւոր կեդրոնը, տակաւին իր նախնական ձեւին մէջ կը մնայ, զրկուած փոխադրական դիւրատար միջոցներէ, շինուած քառուղի գոյութիւն չունի, բոլոր ճամբաներն ալ դաշտերու կամ արտերու մէջ ինքնաշարժներու կողմէ ձգուած բազմաթիւ հետքեր են, որոնք արահետի ձեւը առած են: Շարժավարները ըստ կամս կը քշեն իրենց օթոները միշտ իրենց յարմար տեսած հետքը ընտրելով: Երկաթուղագծին մօտէն անցնող այս արահետները թրքական սահմանի երկայնքին փոշիի ամպ մը կը գոյացնեն երկինքի վրայ, եւ իւրաքանչիւր անցորդի դէմքը այլափոխելէ զատ, առնուազն հարիւրեակ կրամներ ալ ճաշակել կու տան անկէ:
Ռաս Ուլ Այնէն մինչեւ Ամուտա, մէջն ըլլալով նաեւ Տէրպէսիէն, պաշտօնական ճամբայ ամենեւին գոյութիւն չունի, միայն Ամուտայէն մինչեւ Գամիշլի, 28 քիլոմեթր ճամբայ մը ասֆալթուած է, այս տարածութեան մէջ ալ կը մնայ 92 քիլոմեթր ազատ ճամբայ, յար եւ նման փոսերու խորտ ու բորտ անցքերուն:
Ըստ տեղացիներու վկայութեան, եօթը անգամ կործանուած է այս գիւղաքաղաքը. արդէն շրջակայ աւերակներն ալ կը վկայեն այս իրողութիւնը, տեղւոյն վրայ եղած յարաճուն երկրաշարժներու պատճառաւ: Զուլալ ջուրերով քսան ակեր կը բխին հոնկէ կազմելով պատմական Խապուր գետակը, որ կը յիշուի նաեւ Աստուածաշունչի մէջ: Թուրքիայէն բխող երեք ակերու ջուրերն ալ կու գան միանալու անոր, իսկական գետակի մը ձեւն ու մեծութիւնը տալով. սակայն ամառ ատեն անոնց երկուքը կը ցամքին: Աւանդութեան համեմատ, հին ատեն 340 ակեր կը բխին եղեր անկէ, ծնունդ տալով մեծ գետի մը, սակայն անոնցմէ շատեր աւերակներու տակ կորսուած են: Հիմա իսկ, իւրաքանչիւր պեղուած շրջանէն աղբիւր մը կը ցայտէ յստակ ու ջինջ ջուրերով, որուն համար տեղացիները կո)չած են Ռաս Ուլ Այն, այսինքն ակերու գլուխը, իսկ թուրքերը «Ճէյրան Բիւնար», «եղնիկներու աղբիւր», որովհետեւ անհուն տարածութեան վրայ տարածուող եղնիկներու բիւրաւոր հօտերը իրենց ծարաւը յագեցուցած են այս կենսատու ակերու պաղպաջուն ջուրերը խմելով: Ռաս Ուլ Այնէն ծնունդ առնող գետակը կենսունակութիւն կը պատճառէ իր անցած անջրդի բոլոր վայրերուն մէջ, կտրելով ընդարձակ դաշտագետին մը, կ՛անցնի Հասիչէի մէջէն ու կ՛երթայ միանալու Եփրատի ջուրերուն, Տէր Զօրէն 66 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող դաշտի մը մէջ, ծառախիտ պուրակի մը մօտակայքը: Խապուրի ջուրը արտերու ոռոգման համար լաւագոյն աղբիւրն է, որու երկայնքին հաստատուած են բազմաթիւ ջրհան մեքենաներ, որոնք անդուլ կ՛աշխատին, ջուր հայթայթելով բոլոր ցանուած արտերուն. այս պատճառաւ է որ ահա Խապուրի երկու ափերուն վրայ ալ բուսականութիւնը առատ է եւ ցանքը անհամեմատ հարուստ, յուսացուածէն շատ աւելի բերք տալով ամէն տարի: Առողջապահական տեսակէտով լաւ դիրք մը կը վայելէ, որովհետեւ բոլոր աղբիւրներն ալ թեթեւ եւ մաքուր ջուրեր ունին, առողջապահական բոլոր պայմանները լրացնելով որպէս ըմպելի ջուր:
Այս տարի սակայն, մալարիայի համաճարակ մը աւերներ գործած է, շրջանի ջրառատ վայրերու մէջ բուսած սէզերու վրայ բոյն դրած մժեղներու թունաւոր խայթոցներու յաճախանքէն:
Ռաս Ուլ Այնի մէջ 40 հայ լուսաւորչական ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են: Հայերը հոս ընդհանրապէս օրուան հացի կարօտ են, շատ քիչեր միայն բարեկեցիկ կեանք կը վարեն, իսկ ոմանք ալ երկրագործութեամբ զբաղելով, հետագային որոշ դիրք մը գրաւելու յոյսը կը սնուցանեն իրենց մէջ: Չորս անդամներէ բաղկացած թաղականութիւն մը գոյութիւն ունի, առաւելապէս զբաղելով դպրոցական հարցով, որովհետեւ հոս եկեղեցի մը գոյութիւն ունի սակայն թափուր կը մնայ Տէր Եղիշէ քահանայ Տողրամաճեանի Տէր Զօր մեկնելէն ի վեր: Գրեթէ տարի մըն է, որ հայկական այս գաղութը կը մնայ անհովիւ, ոչ մէկ կղերական չէ այցելած այնուհետեւ, անտեսուած այս վայրերու բարեպաշտ ժողովուրդին գէթ հոգեկան մխիթարութիւն ջամբելու համար: Տեղւոյս Ազգ. Մեսրոպեան նախակրթարանը ունի 45 երկսեռ աշակերտ, երկու հայ մշակներու հոգածութեան տակ: Հոս պետութիւնը արաբերէնի ուսուցիչ չի տրամադրեր, թաղականութիւնն է որ արաբերէնի ուսուցման համար արաբագէտ երիտասարդ մը կը վարձէ, որպէսզի հայ ուսանողներ չզրկուին նաեւ այդ լեզուէն: Դպրոցի պիւտճէն կը հաւասարակշռուի աշակերտներէն գոյացած կրթաթոշակներով եւ Հալէպի Ուսումնական խորհուրդի եւ տեղւոյն Օգնութեան խաչի տրամադրած նպաստներով: Դպրոցը պիւտճէի հաւասարակշռութեան մէջ լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի ամէն տարի:
Կրթական նոր տարեշրջանի համար տակաւին անորոշութեան մէջ է թաղականութիւնը: Ռաս Ուլ Այնի մէջ կան 70 սուրիանի ընտանիքներ, 20-25 կաթոլիկ եւ բազմաթիւ այլազգի տեղացիներ: Տեղական կառավարութիւնը ունի դպրոց մը 125 աշակերտներով: Սուրիանիներու դպրոցին մէջ կը կարդան 150 աշակերտներ, իսկ կաթոլիկները ունին 25-30 աշակերտներ:
Շատ քիչ արհեստաւորներ կան. տեղացիները առաւելաբար երկրագործութեամբ եւ պարտիզպանութեամբ կը զբաղին:
ՀՄԸՄ-ը ունի 27 անդամ, որուն 20-ը սկաուտներ են: Ունի ֆութպոլի Գ. կարգի խումբ մը, որ տարին մի քանի հանդիպումներ կ՛ունենայ Տէրպէսիէի եւ Հասիչէի մասնաճիւղերուն հետ: Ամէն տարի կը մասնակցի Զատկի առթիւ Հալէպի մէջ կազմակերպուած միջմասնաճիւղային մրցումներուն:
Օգնութեան խաչը ունի 28-30 անդամ-անդամուհիներ, որոնք իրենց կարելին կ՛ընեն շրջանի կարիքներուն գոհացում տալու համար: Մասնաւորապէս իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Ազգային վարժարանին վրայ, գոյացուցած պիւտճէին 50 առ հարիւրը տրամադրելով անոր: Տարին քանի մը անգամ հասութաբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպեն ի նպաստ Ազգային վարժարանի, որ միայն Ե. դասարանի շրջանաւարտներ կը հայթայթէ հայ ազգին: Այս կազմակերպութիւններուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն Յովհաննէս եւ Յակոբ Գէորգեանները եւ Մկրտիչ Ասատուրեանը, որոնք իրենց երիտասարդական ամբողջ կորովը ի սպաս դրած են բաղձացուած արդիւնքին տիրանալու համար. յիշատակութեան արժանի է Անդրանիկ Հայրապետեանը, որ նիւթապէս թէ բարոյապէս կը սատարէ, որպէսզի ազգային մեքենան կանգ չառնէ ո՛չ մէկ խոչընդոտի առջեւ:
Սուրիոյ յետամնաց այս շրջանին մէջ նոր շարժումներ սկսած են տեղի ունենալ, նկատի ունենալով իր գրաւած կարեւոր դիրքը, որպէս երկրագործական աշխատանքներու յարմար վայր մը. սկսած են նոր թրաքթէօրներ եւ բաթոսներ բերել տալ, զարկ տալու համար արդիական երկրագործութեան:
Կառավարութիւնը ծրագրած է ելեկտրականութեամբ օժտել այս գիւղաքաղաքը. յոյս կը ներշնչուի որ մօտիկ ապագայի մէջ նոր մեքենաներ հաստատուին հոս, հողակերտ տուներու կենսունակութեան կարօտ բնակիչները առողջապահական յարմարութիւն ընծայող բոցավառ լոյսերով օժտելով»:
*
* *
«Ազդակ» 23 սեպտեմբեր 1950-ի թիւով, առանձին թղթակցութեամբ մը անդրադարձած է Գամիշլիի հայ կեանքին:
«Ճեզիրէի ամենամեծ եւ նշանաւոր առեւտրական կեդրոն Գամիշլի քաղաքը կը գտնուի Հիւսիսային Սուրիոյ արեւելեան կողմը տարածուող լայնարձակ տափաստանի մը վրայ, այս անհուն տարածքի մայրաքաղաքը յորջորջուելու իսկական արժանիքը կրելով: Երկաթուղագծի այս կողմը, Սուրիոյ հողերուն սրտին վրայ բարձրացող բազմաթիւ գիւղերու ցանցը կ՛օղակուի միայն այս շրջանին վրայ, առեւտրական մեծ հանգոյցի մը վերածելու Գամիշլի քաղաքը:
Ճեզիրէի սահմանամերձ բոլոր վայրերու մէջ, միայն Գամիշլիի երկաթուղագծի հիւսիսային կողմը փռուած դաշտերը – մինչեւ հանդիպակաց լեռները – կը պատկանին Սուրիոյ, մինչդեռ Ճարապլուսէն մինչեւ Նիսիպին (Մծբին) երկարող գիծը, երկու երկիրներու հողային անջատման յայտարար առանցքը կը կազմէ:
Պատմական հին Մծբին քաղաքը կը գտնուի Գամիշլիի հիւսիսային կողմը, որուն աւերակներուն վրայ բլուրի մը բարձունքը հիմնուած է արաբաբնակ գիւղ մը, իսկ Թուրքիոյ սահմանին մէջ երկարող մասը վերածուած է աղուոր գիւղաքաղաքի մը: Հոս ապրած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացին, որուն անմահ յիշատակութիւնը ունինք մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ: Հաւանական է որ Մծբին քաղաքը երկարած ըլլայ նաեւ մինչեւ ներկայ Գամիշլի քաղաքը հազիւ 2-3 քիլոմեթր որովհետեւ շրջակայ աւերակներէն մնացած յիշատակարաններ կ՛ապացուցանեն փլատակուած հին քաղաքի տարածութիւնը:
Գամիշլիի մէջէն կ՛անցնի Ճաղճաղը, որուն ջուրը առողջապահական անյարմարութիւններ ունի որպէս ըմպելի ջուր գործածուելու համար. տեղւոյն բնակչութիւնը նախապէս այս ջուրը կ՛օգտագործէր իր բնական պէտքերուն համար, այդ պատճառաւ ալ ամէն տարի մալարիայի համաճարակը մեծ աւերներ կը գործէր, բազմաթիւ անմեղ էակներու կեանքը խլելով. սակայն հետզհետէ ժողովուրդը հասկնալով բուն իսկ պատուհասին շարժառիթները, այլեւս Ճաղճաղի ջուրը որպէս ըմպելի գործածելէ դադրեցաւ: Հիմա ամէն բակի մէջ ջրհոր մը բացուած է, որուն ջուրը համեմատաբար աւելի մաքուր է եւ առողջապահական պայմաններու յարմար: Հիմա Ճաղճաղի ջուրը կը գործածեն արտերու ոռոգման համար:
Ամբողջ Ճեզիրէի ընդարձակ տափաստաններու մէջ ամենամեծ երկրագործական կեդրոնը կը հանդիսանայ Գամիշլին. հարիւրաւոր քիլոմեթր շառաւիղով ընդարձակ արտեր ցորենի ծփուն ծովեր կը կազմեն Ամուտայէն մինչեւ Գամիշլի (28 քիլոմեթր), Գամիշլիէն մինչեւ Թէլ-Քէօչէք (150 քիլոմեթր), Սինճարի կողերը եւ մինչեւ Հասիչէի հիւսիսային սահմանները: Բազմաթիւ թրաքթէօրներ եւ բաթոսներ, գրեթէ տարին 12 ամիս անդուլ կը բանին հոն, գործ հայթայթելով հազարաւոր գործաւորներու: Կ՛ըսուի, թէ 500-է աւելի է վերոյիշեալ մեքենաներու թիւը: Ահա այս պատճառաւ է որ ո՛չ միայն հողամշակութիւնը անհամեմատ զարգացած է, այլ նաեւ մեքենական աշխատանքները: Քաղաքի լաւագոյն շուկաները գրաւուած են մեքենագէտներու աշխատանոցներով, զանց ընելով տասնեակ մը մեքենագէտներ, որոնք տարածուած են այլեւայլ թաղերու մէջ: Ասոնց բոլորին ալ գործ կը հայթայթուի, բոլորն ալ գրեթէ գիշերը ցերեկին խառնած կ՛աշխատին նորոգութիւններով, իրենց ներկայացող բոլոր տեսակի մեքենաներուն:
Գամիշլիի բնակչութիւնը օր ըստ օրէ կը բազմանայ եկուոր գործաւորներով. Սուրիոյ եւ Լիբանանի հեռաւոր անկիւններէն հոս կը դիմեն իրենց օրապահիկը պահելու համար: Վերջին այս տարուան ընթացքին հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ հոս եկած եւ գործի լծուած են: Գիւղացիներու բերքերը արագօրէն կը սպառին տեղւոյն վրայ եւ հարուստ վաճառականներ գիւղէ գիւղ, կամ կալէ կալ շրջելով ամբողջութեամբ կը գնեն ցորենն ու գարին: Իսկ հարուստ կալուածատէրեր, հսկայ կոյտեր դիզած են շոգեկառքի կայարանին առջեւ, ամէն օր հազարաւոր պարկեր ղրկելով մեծ կեդրոններ: Ըլլան փոխադրական այս շարժումները, ըլլան հերկի, ցանքի եւ քաղի երկարատեւ աշխատանքները, հարիւրաւոր բանուորներու ու արհեստաւորներու տեւական գործ կը հայթայթեն, նիւթապէս թէ բարոյապէս նպաստաւորելով զանոնք:
Ներկայիս Գամիշլիի մէջ բնակութիւն հաստատած են 800 հայ լուսաւորչական ընտանիքներ, մօտաւորապէս 700 հոգի:
Հալէպէն վերջ, ամէնէն հայաշատ կեդրոնը Գամիշլին կը կազմէ. ազգային տեսակէտով այնքան լաւ կազմակերպուած է, որ այցելուներու բարի նախանձը կը գրգռէ. հոս է, որ կը գտնուին նահապետական սովորութիւններով տոգորուած բազմաթիւ ընտանիքներ: Երիտասարդութիւնը` գործունեայ ու խանդավառ, լծուած է շինարար աշխատանքի: Ընթերցասիրութիւնը զարգացած է բոլոր դասակարգերու մէջ ալ անխտիր: Հայկական բոլոր թերթերէն ալ կարելի է գտնել հոս: Շատ մը երիտասարդներ նոյնիսկ երեք-չորս թերթի կամ պարբերագիրքի բաժանորդագրուած են:





