Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Վերջերս «Վիվասել – Էմ.Թի.Էս.»-ը Յաջողութեամբ
Սկսաւ
Կիրարկել «Այ. Էս. Օ.» 26 Հազար
Ուղեցոյցներու
Յանձնարարականները

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յաջողութեամբ սկսաւ կիրարկել «Այ.Էս.Օ.» 26 հազար ուղեցոյցներու յանձնարարականները:

«Այ.Էս.Օ.» 26 հազար կատարողականին գնահատումը կը սահմանուի` կազմակերպութեան կատարողական արդիւնաւէտութեան եւ ընկերային պատասխանատու գործելակերպի անընդհատ բարելաւման մէջ: Իբրեւ ուղեցոյցներ` «Այ.Էս.Օ.» 26 հազարը կ՛առաջարկէ լուծումներու բազմաթիւ տարբերակներ, որոնց ընտրութեան հարցին մէջ կազմակերպութիւնը կրնայ դրսեւորել ազատ մօտեցում: «Այ.Էս.Օ.» 26 հազարը կազմակերպութիւնները կը խրախուսէ վերանայելու շահառուներու հետ իրենց յարաբերութիւնները եւ ընտրելու «Այ.Էս.Օ.» 26 հազարի այն յանձնարարականները, որոնք ընկերութիւններուն համար առաւել կիրարկելի են` համապատասխան ոլորտներու մէջ հասարակութեան հետ կապ հաստատելու եւ պահպանելու համար: «Այ.Էս.Օ.» 26 հազարը կը ներառէ ընկերային պատասխանատուութեան առանցքային եօթը կէտ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ձեւով մը կը ներկայացնէ հիմնական հարցերը եւ կը լուսաբանէ համապատասխան քայլեր եւ գործողութիւններ ձեռնարկելու յանձնարարական-խորհուրդներ: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի կատարողական արդիւնաւէտութիւնը գնահատուած է բոլոր ցուցանիշներով: Արդարեւ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ամբողջութեամբ փորձաքննութենէ անցած է ներկայացուած եօթը կէտերով.

– Կազմակերպութեան կառավարում
– Մարդկային իրաւունքներ
– Աշխատանքային գործընթացներ
– Շրջակայ միջավայր
– Արդար գործառնական գործընթացներ
– Սպառողին վերաբերող հարցեր
– Համայնքային ներգրաւուածութիւն եւ զարգացում

Նշուած սկզբունքները կը համապատասխանեն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի որդեգրած հիմնարար արժէքներուն` ընկերութեան գործունէութեան առաջին իսկ օրէն:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանի եւ «Տը Սի.Էս.Ար.» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարթին Նոյղէյթերի միացեալ մամլոյ ասուլիսը: Ռալֆ Երիկեան մասնաւորաբար յայտնած է. «Յաջողութեամբ անցնելով «Այ.Էս.Օ.» 26 հազարի փորձաքննութիւնը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ո՛չ միայն ապացուցած է ընկերային գործելաոճի բարձր չափանիշներուն իր հաւատարմութիւնը եւ համապատասխանելու վճռակամութիւնը, այլեւ վերահաստատած է, որ ընկերային պատասխանատուութիւնը ընկերութեան ռազմավարութեան մաս կը կազմէ»: Մարթին Նոյղէյթերը նշած է, թէ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը աշխարհի մէջ այն եզակի ընկերութիւններէն է եւ միակն է Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան  երկիրներուն մէջ, որ ստացած է հաստատման վկայագիր` «Այ.Էս.Օ.» 26 հազար ուղեցոյցներու յանձնարարականները իրականացնելու գծով»:

Կը Շարունակուի Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու
Վերապատրաստման
Ծրագիրը

2013 թուականին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ արտասահմանեան երկիրներուն մէջ գործող հայկական վարժարաններուն, դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն, միօրեայ եւ այլ տիպի կրթօճախներուն մէջ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու,  տնօրէններու, ուսումնական տեսուչներու վերապատրաստման ծրագիրը: Վերապատրաստման դասընթացքները նախատեսուած են իրականացնել ուսուցման երկու ձեւով` Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք միամսեայ ծրագիրով եւ հեռակայ դրութեամբ (առցանց):

Նշենք, որ հեռակայ դրութեամբ կատարուելիք վերապատրաստումը պիտի տեւէ սեպտեմբերէն դեկտեմբեր եւ այդ նպատակով մշակուած է յատուկ ծրագիր:

2013 թուականին վերապատրաստման ծիրին մէջ պիտի կատարուի վերապատրաստում վերապատրաստողներու համար (թրէյնինկ օֆ թրէյնըրզ) «Տարրական ուսուցման մեթոտիկա եւ տարրական կրթութեան կազմակերպում» ծրագիրը, որուն կրնան մասնակցիլ Հայաստանի մէջ  կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ծրագրով առնուազն մէկ անգամ վերապատրաստման հետեւած ուսուցիչներ, տեսուչներ, ուսուցչական աշխատանքի գնահատման մասնակցող եւ բարելաւման նպաստող այլ պաշտօնեաներ: Դասընթացքները աւարտած ուսուցիչներուն պիտի տրուին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան վկայագրեր, ինչպէս նաեւ` ուսումնամեթոտական գրականութիւն, դասագիրքեր եւ այլ նիւթեր: Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը կը գործադրուի Հայաստանի պետական միջոցներով` 2000  թուականէն ի վեր: Տեղեկացնենք, որ ցարդ վերապատրաստուած է  աւելի քան 640 սփիւռքահայ ուսուցիչ:

Լոյս Տեսած Է
«
Ժամանակակից Հայ Արձակը Պարսկերէն»
Ժողովածուն

Հայաստանի մէջ Քուէյթի մշակոյթի օրերու առիթով տեղի ունեցող եռօրեայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ 7 փետրուարին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ «Ժամանակակից հայ արձակը պարսկերէն» ժողովածուն: Գիրքին մէջ ներառուած են 16 հայ գրողներու, մասնաւորաբար` Գուրգէն Խանջեանի, Աղասի Այվազեանի, Նելլի Շահնազարեանի, Պերճ Զեյթունցեանի եւ այլոց 22 ստեղծագործութիւններ: Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Մեհրան Շիրաւանը կարեւոր նկատած է հայ-իրանական մշակութային համագործակցութիւնը: «Այս գիրքը այնքան հետաքրքրական է, որ ես չբաւարարուեցայ մէկ անգամ կարդալով: Անիկա մեծ համբաւ ունեցաւ նաեւ Իրանի մէջ: Ժողովածուն շատ հոգեհարազատ էր մեզի, որովհետեւ հայ գրականութիւնը շատ կը նմանի իրանական գրականութեան: Գիրքը ցոյց տուաւ, որ մեր երկու երկիրներուն մէջ կայ նոյն ոգին ու շունչը», յայտնած է մշակոյթի դեսպանը: Անոր համաձայն, այս պատմուածքները ցոյց կու տան երկու երկիրներուն միջեւ մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան նմանութիւնները, եւ կարդալով այս պատմութիւնները` իրանցին երբեք չի մտածեր, որ անոնք օտարի կեանքին վերաբերող պատմութիւններ են:

Գիրքին համահեղինակը` գրող Ալիս Յովհաննիսեանը, որուն ստեղծագործութիւններէն մէկը եւս ներառուած է «Ժամանակակից հայ արձակը պարսկերէն» ժողովածուին մէջ, արտայայտեց այն կարծիքը, որ գիրքը շատ լաւ եւ որակաւոր է, որովհետեւ նոյնիսկ առանց պարսկերէն գիտնալու` հաճոյքով կը լսէ պարսկերէն ընթերցանութիւնը: «Կը կարծեմ, որ թարգմանութիւնը շատ համահունչ է հայերէն բնօրինակին: Եւ որովհետեւ հայերէնն ալ շատ հարուստ եւ գեղեցիկ լեզու է, ուրեմն համահունչ է նաեւ պարսկական ստեղծագործութիւններուն հայերէն թարգմանութիւնները եւս», յայտնած է գրողը:

Գիրքի թարգմանութեան հեղինակ Էմմա Մելիքջանեանը այս գիրքը շատ աւելի նախընտրելի կը նկատէ նախորդող հայ-պարսկերէն թարգմանութիւններէն եւ անհրաժեշտ նկատած է ժամանակակից արձակի թարգմանութիւնը:

Սփիւռքի Նախարարը Այցելած Է
Կիլիկեան
Վարժարան

Երեւանի Նար Դոսի անուան թիւ 14 հիմնական դպրոցին մէջ  սուրիահայ  փոքրիկներու  համար գործող Կիլիկեան վարժարանի սաները 5 փետրուարին ընդունած են այցելութիւնը  Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին:

Նախարարը իր այցելութեան ընթացքին ո՛չ միայն հանդիպումներ ունեցած եւ զրուցած է աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, այլ նաեւ նոյն վարժարանի շնորհալի  սան Գարրի Պապօղլեանին յանձնած է Հայաստանի նախագահին պատուոյ գիրը: Գարրին Հայաստանի նախագահին նուիրած է գեղեցիկ նկար մը, զոր, ինչպէս իր խօսքին մէջ նշած է սփիւռքի նախարարը, Սերժ Սարգսեանը դրած է իր թոռնիկներու ձեռային աշխատանքներուն կողքին:

Հանդիպումին ընթացքին սփիւռքի նախարարը աշակերտներուն մաղթած է առողջութիւն, յառաջդիմութիւն եւ խաղաղ օրեր: Կիլիկեան վարժարանի աշակերտները հայրենասիրական ոգիով բանաստեղծութիւններ արտասանած են եւ քաջ Վարդան զօրավարին նուիրուած երգով հանդէս եկած են:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը տեղեկանալով, որ մեծ թիւով փոքրիկներ գծելու շնորհ ունին, յանձնարարած է նախարարութեան համահայկական վարչութեան գիտական կրթական ծրագիրներու բաժնի նախագահ Սիրվարդ Համբարեանին` կազմակերպելու «Հայրենիքն իմ աչքերով» նկարչական մրցում, որուն արդիւնքները պիտի ամփոփուին 1 յունիսին` Փոքրիկներու պաշտպանութեան միջազգային օրը:

«Հայաստան» Հիմնադրամը
Համակարգչային Դասարան Հիմնած Է
Արցախի Վաղուհաս Գիւղի Դպրոցին Մէջ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը համակարգչային դասարան հիմնած է Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղի դպրոցին մէջ: Նախաձեռնութեան նիւթական ծախսերը հոգացած են հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինի բարերարներ Վիքթոր եւ Ճուտիթ Զարուկեանները:

Դպրոցին յատկացուած է 11 համակարգիչ եւ համապատասխան կահոյք: Բազմաթիւ գործողութիւններ կատարող տպիչի, արտաձգող լուսարձակի եւ համակարգչային ներքին ցանցի առկայութիւնը ուսումնական գործընթացը կը դարձնէ համակարգուած եւ արդիւնաւէտ:

240 աշակերտի համար նախատեսուած դպրոցը կառուցուած է հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն 2008»-ի նուիրատուութիւններով, Ազգային ժողովի երեսփոխան Սամուէլ Ալեքսանեանի միջոցներով եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորումով: Հաղորդենք, որ արդէն իսկ հիմնովին նորոգուած դպրոցին մէջ կը սորվին 135 աշակերտներ Վաղուհասէն եւ 15 աշակերտներ` հարեւան Խնկաւան շրջանէն:

Արցախեան Շարժման Եւ Սումկայիթի
Ջարդերուն
Նուիրուած Ձեռնարկներ`
Հայրենի Դպրոցներուն Մէջ

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան գրութիւն ուղարկած է Հայաստանի մարզպետներուն եւ Երեւանի քաղաքապետին` առաջարկելով դպրոցներու 9-12-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպել յուշ-երեկոներ, դասախօսութիւններ` նուիրուած հայոց նորագոյն պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած ազատագրական շարժման, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքին, Սումկայիթի ջարդերու զոհերու յիշատակին: Փետրուար 18-ին կ’ամբողջանայ ղարաբաղեան շարժման, իսկ 28 փետրուարին` Սումկայիթի ջարդերու 25-ամեակը:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն հաղորդած են, որ յայտարարուած է նաեւ շարադրական մրցում` «Արցա՛խ, ի՛մ սէր, ի՛մ հպարտութիւն» նիւթով, որուն կրնան մասնակցիլ դպրոցներու 9-12-րդ դասարաններու աշակերտները:

Կոմիտասի Թանգարան–Հիմնարկի Կառուցման Համար
3396
Քառակուսի Մեթր Հող Պիտի Յատկացուի

Երեւանի Արշակունեաց պողոտայի թիւ 28 շինութեան յարակից 3396 քառակուսի  մեթր մակերեսով եւ 36 միլիոն 371 հազար դրամ արժող հողամասը պիտի նուիրուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:

Այդ տարածքին մէջ պիտի կառուցուի Կոմիտաս վարդապետի թանգարան-հիմնարկ եւ մշակութային կեդրոնը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ հանրութեան ներկայացնելու անոր ձգած մշակութային եւ հասարակական ժառանգութիւնը:

Երեւանի քաղաքապետին կից ճարտարապետական խորհուրդը համաձայնութիւն տուած է Երեւանի քաղաքային պանթէոնի տարածքին մէջ` Արշակունեաց պողոտայի թ. 28 հասցէին վրայ, Կոմիտաս վարդապետի թանգարան-հիմնարկի եւ մշակութային կեդրոնի կառուցման նախագիծին:

Հայաստան Մոլիպտենի Համաշխարհային
Պահանջարկին
3-4 Տոկոսը Կ՛արտադրէ

Արճիճաքարի (մոլիպտինիոմ) արտադրութեամբ զբաղող Երեւանի «Մաքուր երկաթի փորձնաարդիւնաբերական գործարան»-ին մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագիրներով յառաջիկային կը նախատեսուի ստեղծել նոր աշխատատեղեր եւ աւելցնել արտադրական հզօրութիւնները: Ընկերութեան տնօրէնը` Գենիկ Կարապետեան այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին, որ 8 փետրուարին գործարան այցելեց: 1996-էն մինչեւ օրս, շնորհիւ նոր արհեստագիտութիւններուն եւ ժամանակակից սարքաւորումներուն, գործարանի արտադրական հզօրութիւնը աճած է 6 անգամով: 2013 թուականին գործարանը կը նախատեսէ վերամշակել 6 հազար 500 թոն արճիճաքարի խտանիւթ, արտադրել 3 հազար 200 թոն արճիճաքարի մետաղաձոյն եւ 750 թոն արճիճաքար մետաղ: Հետաքրքրականը այն է, որ արտադրուած ամբողջ քանակութիւնը կ’արտածուի եւ կը գոհացնէ մոլիպտենի համաշխարհային պահանջարկին երեքէն չորս առ հարիւրը:

«Գործարանին արտադրանքը 100 տոկոսով կ’արտահանուի: Ներկայիս գործարանը ունի 600 աշխատող, որոնց միջին աշխատավարձը կը կազմէ 220 հազար դրամ: Խորհրդային տարիներուն աշխատակիցներուն թիւը չէր գերազանցեր 300-ը: 2012-էն օգտագործելով ժամանակակից սարքաւորումներ` կ’աշխատինք գերմաքուր մոլիպտեն ստանալու ուղղութեամբ եւ մոլիպտենի թիթեղի եւ փրոֆիլի արտադրութեան արհեստագիտութեան ներդրման վրայ», յայտնած է Կարապետեան:

Տիգրան Սարգսեան եւ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան շրջագայեցան գործարանին մէջ` ծանօթանալով արճիճաքարի արտադրական գործընթացներուն:

Սկսած Է «Լեւոն Շանթ» Թատերգութեան
Մրցանակաբաշխութիւնը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը յայտարարած է «Լեւոն Շանթ» թատերգութեան մրցանակաբաշխութեան սկիզբը: Այս մասին  տեղեկացուցած են մշակոյթի նախարարութենէն:

Մրցանակաբաշխութեան նիւթը ազգային եւ համամարդկային արժէքներու, անհատի ինքնութեան եւ մեր ժամանակի հերոսի փնտռտուքն է: Մրցումին կրնան մասնակցիլ հեղինակներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ կ’ընդունուին միայն չտպագրուած, չբեմադրուած կամ չհրապարակուած աշխատանքներ` առանց տեսակի սահմանափակման, եւ անոնք կրնան ըլլալ արեւելահայերէնով կամ արեւմտահայերէնով:

Մրցանակաբաշխութեան նպատակն է` նպաստել ժամանակակից հայ թատերգութեան զարգացման, ստեղծագործող նոր անուններու, թատերգութեան ժամանակակից ուղղութիւններու բացայայտման, հայ թատերարուեստի լաւագոյն աւանդութիւններու շարունակականութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ` աջակցիլ նոր թատերգութիւններու բեմադրութեան:

Աշխատանքները պէտք է ներկայացնել ելեկտրոնային եւ առձեռն նամակատնային տարբերակներով: Նուազագոյն ծաւալը` 25 էջ, առաւելագոյնը` 50 էջ, տառատեսակը`  եունիքոտ, («Էմ.Էս. Ուըրտ», «Ար.Էյ.Ար.», «Փի.Տի.Էֆ.» կամ «Զիփ» ծրագրերով, էջը` 1800 նիշ): Ներկայացուող աշխատանքին պէտք է կցել նամակ, որուն մէջ անհրաժեշտ է նշել հեղինակին անունը, ազգանունը, հօր անունը, թատերգութեան խորագիրը, հեղինակին բնակութեան վայրը, նամակի հասցէն, ե-հասցէն, հեռախօսահամարը, կենսագրական տուեալներ եւ 1 լուսանկար: Լաւագոյն աշխատանքները պիտի ընտրէ դատական կազմը, որուն անդամները մրցումին մասնակցելու իրաւունք չունին:

«Լեւոն Շանթ» թատերգութեան մրցանակաբաշխութիւնը կը նախատեսէ երեք մրցանակ` առաջին դիրքը գրաւողը պիտի ստանայ` 1 միլիոն դրամ, երկրորդ դիրքը` 800 հազար դրամ, երրորդ դիրքը` 600 հազար դրամ, եւ երկու խրախուսական պարգեւ` 200 հազարական դրամ:

Մրցանակային դիրքերու արժանացած թատերգութիւնները հետագայ օգտագործման` հրատարակութեան, բեմադրութեան եւ այլն, բոլոր իրաւունքները պիտի պատկանին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան: Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած թատերգութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին ժողովածուով, իսկ առաջին հանդիսացած թատերգութիւնը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աջակցութեամբ պիտի բեմադրուի:

Յայտնենք, որ աշխատանքներուն ներկայացման վերջին ժամկէտն է 15 ապրիլ 2013-ը: Իսկ արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ պիտի հրապարակուին 15 յունիս 2013-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES