Լիբանանի Պասքեթպոլի Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Իրանէն

PROFOTO

Երէկ` երկուշաբթի, 11 փետրուարին, Թեհրանէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

Երկրորդ դիրքը գրաւելով` Լիբանան Իրանի եւ Յորդանանի հետ ապահովեց Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր տոմսը. սոյն ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամրան ընթացքին` Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ:

Նշենք, որ պատուիրակութիւնը դիմաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան գացողներուն կարգին էր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա:

 

Share this Article
CATEGORIES