Վոլիպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Թունուզեան Սաֆաքասի Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին
Նախորդ շաբաթավերջին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ աւարտեցաւ վոլիպոլի Արաբական ակումբներու տղոց 31-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` լիբանանեան Պաուշրիէ եւ թունուզեան Սաֆաքասի խումբին միջեւ:
Թէեւ թունուզեան խումբը տիրացաւ տիտղոսին` 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, սակայն Պաուշրիէ կատարեց կարեւոր իրագործում մը` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ լիբանանեան առաջին խումբը, որ կը հանդիսանայ փոխախոյեան:
Նշենք, որ Սաֆաքասի հինգերորդ անգամ ըլլալով կը տիրանար այս տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական


