Պէտք Չէ Մինակ Զգան
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սամաթիոյ հայ բնակիչները իրենք զիրենք անապահով կը զգան: Վերջին յարձակումները այդ շրջանին մէջ բնակող հայ տարեց կիներու վրայ արդէն պատահական դէպքերու յատկանիշներէն անդին կ՛անցնին ու կը ստանան յատուկ նպատակով կատարուած արարքներու բնոյթ:
Նպատակն ալ յստակ է. վախի ու սարսափի մէջ պահել Թուրքիոյ հայ բնակչութիւնը, զսպել անոր մէջ վերջին շրջանին ծլած ազգային մղումները, իր սաղմին մէջ խեղդել մարդկային կամ ազգային իրաւունքներու հետապնդման որեւէ նկրտում:
Վախն ու սարսափը նաեւ լաւագոյն ճամբան կրնան նկատուիլ թրքական պետական կամ պետութեան ներշնչումով աշխատող ծայրայեղական սրիկաներուն` մեկուսացնելու համար թրքահայութիւնը Հայաստանէն կամ հայկական սփիւռքէն: Այս մեկուսացումը խիստ անհրաժեշտ կրնայ համարուիլ թրքական իշխանութեան հաշուարկներուն մէջ` կանխելու համար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ օրէ օր ուժեղացող զարգացումներուն` թրքահայութեան մասնակցութիւնը, կամ անոնց զօրակցութիւնը` ձեռնարկուած աշխատանքներուն:
Ի՛նչ նպատակ ալ ունենայ թրքական գործողութիւնը, մենք պարտաւոր ենք առանձին չթողուլ Թուրքիա բնակող մեր ազգակիցները եւ անոնց ապահովութեան երաշխիքներ պահանջելու ուղղութեամբ աշխատանքներ տանիլ:
Ցուցադրական զօրակցութիւնը թրքահայերուն օգտակար կրնա՞յ ըլլալ` ապահովական իմաստով, թէ առաւել եւս կը գրգռէ թուրք ազգայնամոլներն ու անոնց տէրերը:
Լուռ մնալը, սակայն, կրնայ նոյնքա՛ն վտանգաւոր ըլլալ` քաջալերելով վատոգի շրջանակները շարունակելու իրենց տմարդի յարձակումները ընդդէմ անպաշտպան բնակիչներու:
Մեր կարծիքով, պէտք է ձայն հանել, պէտք է շարժիլ: Պէտք չէ, որ թրքահայութիւնը մինակ զգայ:

