«Թուրքիոյ Մէջ Հայ Կիներու Նկատմամբ Իրականացուող Բռնութիւններուն Թիւ Մէկ Պատասխանատուն Իշխանութիւնն Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Յենարան» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ հայ կիներու նկատմամբ իրականացուող բռնութիւններու եւ սպանութիւններու, հայահալած քաղաքականութեան ընդհանուր պատասխանատուն նախ եւ առաջ Թուրքիոյ իշխող ուժն է:
Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ հայ կիներուն նկատմամբ բռնութիւնները եւ հայատեացութեան դրսեւորումները երիտթրքական քաղաքականութեան շարունակութիւնն են: Ըստ Մանոյեանի, ասիկա նոյն գաղափարախօսութիւնն է, որ փաստօրէն կը շարունակուի երիտթուրքերու օրերէն:
Մանոյեան նշեց, որ այսպիսի բռնութիւններուն արձագանգած է միայն ոստիկանութիւնը եւ ամէն ինչ կը կատարէ ոճրագործները բացայայտելու համար, բայց կարեւորը այստեղ իշխանութիւնն է, որ ոչ մէկ ձեւով կ՛արձագանգէ այդ դէպքերուն:
«Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ վախի մթնոլորտ կը տիրէ եւ ճնշումներ կը բանեցուին հայ համայնքին նկատմամբ: Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ այսպիսի միջադէպերու պատուիրատուն Թուրքիոյ իշխանութիւնն է: Ոմանք ասիկա կը կապեն Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին իշխանութեան հովանաւորութեամբ ստեղծուող հակահայ մթնոլորտին հետ: Ասիկա մտահոգիչ է, որ ոչ մէկ հայ այսօր Թուրքիոյ մէջ կրնայ ապահով ապրիլ», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան:
Ան նաեւ նշեց, որ բացի Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերու հրապարակումներէն` Հայաստանի մէջ նաեւ պէտք է խնդիրը պարբերաբար բարձրանայ եւ թոյլ չտրուի, որ այսպիսի դէպքերը շարունակական բնոյթ կրեն:
Բանախօսը համաձայն գտնուեցաւ այն տէսակէտին հետ, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ հայ կիներուն նկատմամբ իրականացուող հալածանքները կապուած են Ցեղասպանութեան տարելիցին հետ:
Կիրօ Մանոյեան դրական գնահատեց հայկական կողմի նախապատրաստական աշխատանքները` նուիրուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, սակայն ընդգծեց, որ պէտք չէ երկրին նախագահը օգտագործէր «Ցեղասպանութի՞ւն, թէ՞ Մեծ եղեռն` ի՞նչ տարբերութիւն» արտայայտութիւնը. «Պէտք չէ թոյլ տալ այսպիսի սխալներ, վերջաւորութեան երկրին նախագահն է, իսկ անոր արձագանգը մենք նոյնիսկ Ուաշինկթընէն լսեցինք»:
Անդրադառնալով ազրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի հասցէին հնչող սպառնալիքներուն` Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այսպիսի գործողութիւններով կը փորձեն հասարակութեան եւ բնակչութեան ուշադրութիւնը շեղել ներքին խնդիրներէն: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն նշեց, որ միջազգային լրատուամիջոցները եւս սկսած են ուշադրութիւն դարձնել այդ հարցին: Ըստ անոր, շատ կարեւոր է հաշուի առնել այն փաստը, որ Ազրպէյճան միայն ցոյց կու տայ, թէ կ՛արհամարհէ միջազգային հանրութիւնը եւ իրականութեան մէջ միջազգային կարծիքը զգալի ազդեցութիւն ունի Ազրպէյճանի վրայ` յատկապէս Հունգարիոյ իշխանութիւններուն հետ ամօթալի գործարքին պատճառով ստեղծուած իրավիճակէն ետք:
Ան նաեւ նշեց, որ ապահովութեան համակարգերու պատասխանատու Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն կողմէ Ազրպէյճան ճանչցուած է ժողովրդավարութեան բազմաթիւ բացթողումներ ունեցող երկիրներէն, ինչ որ հետագային կրնայ դառնալ երկրին մէջ իրադրութեան ապակայունացման պատճառ:
Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նկարահանուող շարժանկարին, Մանոյեան նկատել տուաւ, որ ատիկա իրատեսական չի թուիր: Ըստ անոր, ատիկա կրնայ շատ ազդեցիկ շարժանկար ըլլալ, սակայն դրսեւորումը ճիշդ պէտք է ըլլայ: «Պէտք է զոհը եւ դահիճը նոյն սեղանին վրայ չդնել, որովհետեւ թրքական կողմը արդէն կը փորձէ շարժանկարը խեղաթիւրել», ընդգծեց Մանոյեան:

