«Ազրպէյճան Բաւականաչափ Քաջութիւն Պիտի Չունենայ Հարուածելու Քաղաքացիական Օդանաւերը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ յայտնեց, որ Ազրպէյճան բաւականաչափ համարձակութիւն պիտի չունենայ հարուածելու Ստեփանակերտ թռչող քաղաքացիական օդանաւերը: Ռուստամեան նշեց, որ Պաքու շատ լաւ կը հասկնայ իր սպառնալիքներուն սնանկութիւնը եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները գիտեն, որ օդանաւերու ոչնչացումը կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ Ալիեւի վարչակազմին վրայ:

Ան նաեւ աւելցուց, որ հայկական կողմը իր կարգին պէտք է ամուր կանգնի իր դիրքերուն վրայ, միջազգային հանրութեան բացատրէ, որ Ստեփանակերտի օդակայանի շահագործումը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժի անկապտելի իրաւունքին օգտագործումն է:

Ըստ Ռուստամեանի, Պաքուի հակամարդասիրական եւ սադրիչ յայտարարութիւնները կասկածի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղին լայն ինքնավարութիւն տրամադրելու եւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ արժանապատիւ գոյատեւում ապահովելու Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Պաքուի նման խոստումները Ռուստամեան առասպել նկատեց:

 

Share this Article
CATEGORIES