«Անհրաժեշտ Է, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութիւնը Հաւատայ Մեզի, Որ Պատրաստ Ենք Ներողութիւն Խնդրելու» Կ՛ըսէ Աքրամ Այլիսլի

Աքրամ Այլիսլի

Ազրպէյճանցի հալածեալ գրող, Ազրպէյճանի մէջ հայկական ջարդերուն մասին «Քարէ երազներ» գիրքի հեղինակ Աքրամ Այլիսլի gazeta.ru կայքէջին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ պատրաստ է իր տարիքին (75 տարեկան է) քաղաքական ապաստանեալ դառնալ: Ուշագրաւ է, որ լրատուամիջոցը վէպը կ՛անուանէ հայերը եւ ազրպէյճանցիները հաշտեցնելու միջոց:

Ան արդարացի չի նկատեր իր դէմ հակամարդկայնութեան եւ հակաազրպէյճանութեան մեղադրանքները` նշելով, որ այսպիսի մեղադրանքներ հնչեցին Խորհրդային Միութեան եւ ռուսական կայսրութեան մեծ գրողներու հասցէին:

Այլիսլի յայտնեց, որ իր երկրին պետական քաղաքականութիւնը դէմ է իր` հայերը եւ ազրպէյճանցիները հաշտեցնելու փորձին: Իսկ gazeta.ru կը մէջբերէ խօսքերը վէպի հերոսին` հայ դերասանին, որ մէկ բան կ՛ուզէ` «Աստուծոյ աղաչել, որպէսզի ներէ իսլամներուն հայերուն նկատմամբ գործած իրենց չարիքին համար»:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծելու համար անհրաժեշտ է հող նախապատրաստել, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը հաւատայ մեզի (ազրպէյճանցիներուն), որ մենք պատրաստ ենք ներողութիւն խնդրել: Իսկ այստեղ` Պաքուի մէջ, բոլորը կը գրեն միայն այն մասին, որ հայերը մեր պատմական թշնամիներն են», ընդգծեց Այլիսլի:

Հարցազրոյցէն յայտնի կը դառնայ, որ վէպը գրուած է տակաւին 2006-2007 թուականներուն: Աղբիւրը կը նշէ, որ թերեւս պատահական չէ, որ Այլիսլի վէպը հրապարակած է ազրպէյճանցի «հերոս» Ռամիլ Սաֆարովի յառաջացուցած լարուածութենէն ետք: Հեղինակը կը համաձայնի դիտարկման` ըսելով, որ նախորդ աշնան հայերուն դէմ արհեստական լարուածութեան ստեղծումը անցած է բոլոր սահմանները:

Հեղինակը նկատել կու տայ, որ իրենց երկրին մէջ սահմանադրութիւնը կը պաշտպանէ խօսքի ազատութիւնը, իսկ այն, ինչ որ կը կատարուի իր դէմ` սահմանադրութեան խախտում է: Ան նաեւ նշեց, որ իր գիրքին բերումով վերջապէս միաւորուած են իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը, որոնք «տարօրինակ ձեւով կ՛ընկալեն հայրենասիրութիւնը»:

Այլիսլիի ականջը կտրելու սպառնալիքը gazeta.ru կ՛անուանէ «այն, ինչ որ ժամանակին կ՛ընէին Անատոլուի թուրքերը: Այս առիթով գրողը կ՛ըսէ, որ ինք «թոյլ մարդ չէ» եւ «պիտի փորձէ չվախնալ»:

 

Share this Article
CATEGORIES