Հէյկըլ Հայ-Ամերիկեան Զինուորական Համագործակցութեան Խորացման Կողմնակից Է
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին առաջադրուած, նախկին ծերակուտական Չաք Հէյկըլ կոչ ուղղած է ընդլայնելու հայ-ամերիկեան զինուորական համագործակցութիւնը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի սպառազինութիւններու հարցով յանձնախումբի նախագահ Քարլ Լեւին (Դեմոկրատական, Միշիկըն) հայ համայնքին յուզող շարք մը հարցեր ուղղած է Հէյկըլի: Ան մասնաւորաբար հետաքրքրուած է, թէ ծերակուտականը ինչպէ՛ս կը գնահատէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները պաշտպանութեան մարզին մէջ եւ Փենթակոնի ղեկավարի պաշտօնին հաստատուելու պարագային ի՛նչ միջոցներու պիտի նախաձեռնէ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ ընդլայնելու համար:
«Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները պաշտպանութեան մարզին մէջ խոստմնալից են, եւ ինչպէս միւս մարզերուն մէջ, այստեղ եւս երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ կան: Հաստատման պարագային ես պիտի շարունակեմ համագործակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ` ամրապնդելու գոյութիւն ունեցող կապերը եւ գտնելու համագործակցութեան նոր ուղիներ, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի պաշտպանութեան մարզի, մասնաւորաբար խաղաղապահ ուժերու բարեփոխումներուն եւ այդ երկրի ներգրաւուածութեան համաձայնական գործողութիւններուն մէջ», Լեւինի գրաւոր հարցումին ի պատասխան նշած է Հէյկըլ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնած է. «Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Ծերակոյտի սպառազինութիւններու հարցով յանձնախումբի նախագահ Քարլ Լեւինին այս պայմաններուն մէջ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման վրայ ուշադրութիւն սեւեռելուն համար: Մենք համամիտ ենք ծերակուտական Հէյկըլի հետ, որ լայն կարելիութիւններ կան այդ կապերը ընդլայնելու առնչութեամբ: Նայելով յառաջ` Հէյկըլի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ հաստատուելու պարագային այս հարցին շուրջ կարելի պիտի ըլլայ համագործակցիլ նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ»:
Հէյկըլ 2005-ին Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըսած էր, որ «այն, ինչ որ տեղի ունեցած է 1915-ին, տեղի ունեցած է արդէն: Իբրեւ ամերիկացի ծերակուտական, կը կարծեմ, որ պատմաբանները եւ ուրիշներ պէտք է որոշեն, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է եւ ինչո՛ւ: Հարցը այն է, որ շրջանը պէտք է յառաջ շարժի: Անհրաժեշտ է երկարատեւ յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ու շրջանի միւս երկիրներուն միջեւ»:


