Մամետեարով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի 67-րդ Նստաշրջանի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 11 փետրուարին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 67-րդ նստաշրջանի նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Վուք Երեմիչի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերը:
Նիւ Եորքի մէջ Մամետեարով մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ծրագրուած «Զինեալ տագնապներուն մէջ քաղաքային անձերու անվտանգութիւնը» նիւթով քննարկումին:
CATEGORIES Հայկական


