Արցախ. Նախագահ Սահակեան Այցելեց Բանակի Յատուկ Ստորաբաժանումներու Զօրամասերէն Մէկը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 փետրուարին այցելեց բանակի յատուկ ստորաբաժանումներու զօրամասերէն մէկը, ծանօթացաւ զինուորներու առօրեային եւ արժէքաւոր նուէրներ յանձնեց խումբ մը զինուորներու:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատարը կարեւոր նկատեց յատուկ ստորաբաժանումներու դերակատարութիւնը Արցախի պաշտպանութեան մակարդակը բարձր պահելու գործին մէջ` աւելցնելով, որ զօրքերու այս տեսակի մարտական պատրաստակամութեան շարունակական բարձրացումը այսուհետեւ ալ պիտի ըլլայ բանակի հրամանատարութեան եւ երկրի ղեկավարութեան ուշադրութեան առարկան:

Նախագահին կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Հանդիպում` Առողջապահութեան
Համակարգի Աշխատողներու Հետ

Նոյն օրը նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ առողջապահութեան համակարգի աշխատողներուն հետ եւ քննարկեց այս մարզին զարգացման առնչուող հարցեր, առկայ խնդիրներ եւ անոնց լուծման հեռանկարները:

Համապատասխան զեկուցումներ ներկայացուցին առողջապահութեան նախարար Զոյա Լազարեան եւ համակարգի պատասխանատու աշխատողներ:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախ միշտ յայտնի եղած է իր որակեալ բժշկական մարդուժով, որ ճանչցուած է անոր սահմաններէն դուրս, ինչ որ յուսալի հիմքեր կը ստեղծէ ձեւաւորուած աւանդութիւններու պահպանման եւ բժշկական մարզի զարգացման նոր որակ հաղորդելու առումով:

Առողջապահութեան մարզը որակելով իբրեւ Արցախի ազգային ապահովութեան կարեւորագոյն բաղադրամասերէն մէկը` նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է մշակել առողջապահութեան զարգացման հայեցակարգ:

Ըստ նախագահ Բակօ Սահակեանի, վերջին տարիներուն պետութեան կողմէ առողջապահութեան մարզին մէջ իրականացուեցաւ լուրջ աշխատանք` ուղղուած մարզին յատկացուող տնտեսական միջոցներու աճի ապահովման, առողջապահական հիմնարկներու շէնքային պայմաններու բարելաւման, աշխատողներու աշխատավարձերու բարձրացման: Յատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ շրջաններուն մէջ առողջապահութեան համաչափ զարգացման:

Այս ամէնուն հետ մէկտեղ նախագահը նշեց, որ տակաւին անլոյծ մնացած են շարք մը կարեւորագոյն խնդիրներ` կապուած համապատասխան բարեփոխումներու իրականացման, մարզի զարգացման հեռանկարներու կանխանշման, մարդուժի ընտրութեան եւ ճիշդ տեղաբաշխման հետ:

Միջոցառման կը մասնակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES