«Ազրպէյճանի Բռնագրաւուած Հողերուն Վերեւ Հայաստանի Կողմէ Կատարուած Բոլոր Թռիչքները Ապօրինի Են» Կ՛ըսէ Քըլըճv
Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ափրիկեան երկիրներու հետ յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Հուլուսի Քըլըճ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ 6-7 փետրուարին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 12-րդ վեհաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի վերաբերող հարցեր եւս քննարկուած են:
Ըստ Քըլըճի, ազրպէյճանական կողմը արծարծած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ «ազրպէյճանական հողամասերու բռնագրաւման» հարցը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր խօսքին մէջ զօրակցած է Ազրպէյճանին եւ ազրպէյճանական հողամասերը «ազատելու» կարեւորութիւնը ընդգծած:
Խորհրդաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ «Արդարութիւն Խոջալուի» արշաւին զօրակցութիւն արտայայտուած է, ինչպէս նաեւ հաղորդագրութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ հիւսիսային Կիպրոսի հարցին վերաբերող կարեւոր հատուածներ աւելցուած են:
Ան դատապարտած է Ստեփանակերտի մէջ օդակայան բանալու ծրագիրը` նշելով, որ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ճանչցուած է: «Միջազգային այս ազդեցիկ կազմակերպութեան կողմէ որդեգրուած չորս բանաձեւերուն մէջ ազրպէյճանական հողամասերու բռնագրաւումը բացայայտ եւ յստակ կերպով նշուած է: Ուստի, բռնագրաւուած հողամասերուն վերեւ գտնուող օդային տարածքը եւս Ազրպէյճանի կը պատկանի: Բռնագրաւուած հողերուն վերեւ թռիչքները ներկայ կացութեան մէջ լարուածութիւն կը ստեղծեն եւ տագնապի խաղաղ լուծումը կը հարուածեն: Այդ տարածքները Ազրպէյճանի պատմական հողեր են (…) Այդ հողերուն վերեւ բոլոր թռիչքները ապօրինի են: Մենք տագնապին անմիջական եւ խաղաղ լուծման կը զօրակցինք եւ կ՛ուզենք, որ ապագայ սերունդները խաղաղութեան եւ հանդարտութեան մէջ ապրին: Մենք պատրաստ ենք ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու: Նաեւ կը մաղթենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը աւելի արմատական միջոցառումներ որդեգրէ կանխարգիլելու համար թռիչքները, որոնք յաւելեալ լարուածութեան կրնան առաջնորդել: Կը յուսանք, որ Հայաստան Ազրպէյճանի բռնագրաւեալ հողամասերուն վերեւ թռիչքներ չկատարէ: Մենք Հայաստանի դէմ չենք: Բայց եւ այնպէս, Հայաստան պէտք է բռնագրաւուած հողերէն անմիջապէս հեռանայ»:


