Պելճիքայի Խորհրդարանի Նախագահը Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն
Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Անտրէ Ֆլահօ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց Ֆլահոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ֆլահօ յայտնեց, որ ինք կը մտածէ այցելել Նաքուրա եւ ստուգել ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պելճիքական զօրամասը:
Նախագահ Սլէյման ողջունեց Ֆլահոն ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը եւ դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հսկողութեան մաս կազմելու պելճիքական ջոկատին ջանքերը:
Այն Թինէի Մէջ
Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց պելճիքացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ ստորագրեց գործակցութեան պատշիրային համաձայնագիր մը:
Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆլահոյին` Լիբանանի նկատմամբ Պելճիքայի զօրակցութեան եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն անոր մասնակցութեան առիթով:
Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ Պելճիքա մնայուն կերպով օժանդակած էր լիբանանեան բանակին եւ մնայուն կերպով օգնած Լիբանանի կառուցման: «Այս իրականութեան մեծագոյն վկան կրնայ ըլլալ Թըպնինի հիւանդանոցը, որուն վերանորոգման եւ վերագործարկման նպաստեց Պելճիքան», ըսաւ Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ այս բոլորին կողքին, տակաւին երկու երկիրներուն կառավարութիւններուն միջեւ կան ինը համաձայնագիրներ, որոնք պէտք է գործադրուին:
Իր կարգին, Ֆլահօ հաստատեց, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի ու անոր պետական հաստատութիւններուն կայունութիւնը, եւ կոչ ուղղեց երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը զարգացնելու:
Ֆլահօ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել հանդուրժողկանութեան եւ իրարհասկացողութեան կարեւորութիւնը եւ վերջ տալ ծայրայեղութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել ազգային համերաշխութիւնը:
Ֆլահօ դարձաւ Այն Թինէի ճաշի հիւրը:
Միքաթիի Մօտ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ֆլահոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-պելճիքական յարաբերութիւնները:
Ֆլահօ իր կեցութեան վայրին` «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ առաւօտեան ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:


