Նախագահ Սլէյման. «Քաղաքացիական Ամուսնութիւնը Արձանագրելու Որոշումը Քաղաքացիական Պետութեան Դիմաց Ճամբան Կը Բանայ»

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ լիբանանցիները Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կարօտցող հաւատացեալներուն ռահվիրաները պիտի ըլլան` նկատի ունենալով պապին հրաժարելու որոշումը:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց պապը անոր քաջ, յանդուգն եւ իմաստուն որոշումին համար` աւելցնելով, որ հոգեւոր հեղինակութիւնները միշտ ալ ուսանելի դասեր կու տան եւ նկատել տալով, որ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին պարագան եւս նոյնն էր այս իմաստով, որովհետեւ անոր նպատակը նաեւ մարոնի պատրիարքութեան դիրքին զօրացումն էր:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Լիբանան մնայ պապին սրտին եւ մտքին մէջ` անոր աղօթած եւ խոկումի պահերուն ընթացքին:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու առումով բանակին որդեգրած քայլերը:

Քննարկուեցաւ նաեւ Արսալի միջադէպը, որուն շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց հետապնդումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Իր կարգին, զօր. Քահուաժի նախագահ Սլէյմանի ըսաւ, որ Արսալ բանակին կողմէ չէ շրջափակուած, այլ` բանակը կը գտնուի Արսալի մէջ եւ անոր շրջակայքը, յատկապէս Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

Զօր. Քահուաժի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Արսալի միջադէպին ընթացքին սուր իրեր օգտագործուած են` այլանդակելու համար բանակի նահատակներուն դիակները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ արդարութեան նախարարութեան Խորհրդատուութիւններու բարձրագոյն խորհուրդին հետ եւ շնորհաւորեց զայն քաղաքացիական ամուսնութիւնը արձանագրելու վերաբերող որոշումին առումով: Ան շեշտեց, որ քաղաքացիական ամուսնութիւնը արձանագրելու որոշումը քաղաքացիական պետութեան դիմաց ճամբան կը բանայ եւ կ՛օժանդակէ համայնքային եւ յարանուանական կացութենէ ու լարուածութենէ դուրս գալու:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Եւրոպական խորհրդարանի Արեւելքի յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարիզա Մաթիասը, որուն հետ քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ գործելու անհրաժեշտութիւնը:

Մաթիաս բարձր գնահատեց նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը:

Նշենք, որ երեկոյեան Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները մէկ վայրկեան իսկ պիտի չյետաձգուին, բացի եթէ նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ եւ այդ օրէնքին հիման վրայ կատարուելիք ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ ըլլայ թեքնիք յետաձգում կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES