Բանավէճ` Զօր. Աունի Եւ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Միջեւ
Նախագահելէ ետք երէկ կէսօրէ ետք գումարուած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստին, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէէն յայտնեց, որ լիբանանեան հանրութեան մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, որ ապահովական ուժերը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները չեն ստանար:
Ան աւելցուց, որ իրականութիւնը այն է, որ ապահովութեան ուժերը այդ տեղեկութիւնները կը ստանան, երբ յստակ պահանջներ կան եւ օրինական կերպով ներկայացուած են այդ պահանջները:
Այս առումով զօր. Աուն խստիւ մերժեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի այն յայտարարութիւնները, թէ ինքն է միակ անձը, որ վերջնական հրահանգները տալու իրաւունք ունի:
«Այդպիսին ըլլալու համար ոեւէ անձնաւորութիւն կարիք ունի սահմանադրական իրաւասութիւններու: Նախարարն է նախարարութեան մը առաջին եւ վերջին պատասխանատուն», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ընտրական օրինագիծին` զօր. Աուն յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ յանգիլ օրէնքի մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ ընտրել 64 քրիստոնեայ երեսփոխաններ:
Զօր. Աուն ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութիւնը` շեշտելով, որ ինք մեծապէս կը գնահատէ այդ այցելութիւնը եւ կը յարգէ անոր իրականացուցած արդիւնքները:
Միքաթի Կը Պատասխանէ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատասխանելով զօր. Միշել Աունի յայտարարութիւններուն ըսաւ, որ պատասխանատուութիւնը իրաւունքը եւ ճշմարտութիւնը պաշտպանելու յանձնառութիւն է, ինչ ալ ըլլայ պաշտօնը: «Իսկ եթէ ան վարչապե՞տ է եւ սահմանադրութեամբ իրաւունքներ ու իրաւասութիւններ ունի», հարց տուաւ ան եւ նշեց սահմանադրութեան 140-րդ յօդուածին իններորդ կէտը, որուն հիման վրայ նշուած է, թէ գործադիր իշխանութեան հեղինակութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է վարչապետին անձին:


