Դեսպան Քոչարեան Հանդիպում Ունեցաւ Զբօսաշրջութեան Նախարարին Հետ

Ապպուտ եւ Քոչարեան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ հանդիպում ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահներուն կողմէ կատարուած վերջին երկու տարիներու այցելութիւնները նոր լիցք հաղորդած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացումին ու ընդլայնումին:

Քոչարեան եւ Ապպուտ շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է օգտագործել բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ երկուստեք շահաւէտ նկատուող համագործակցութիւնը բարելաւել եւ մասնաւորապէս ամրապնդել զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող փոխադարձ գործակցութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Այնճարի մէջ հայ-լիբանանեան միջազգային երաժշտական փառատօն մը կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին ուրուագծուեցան նաեւ երկու կողմերուն անմիջական մասնակցութեան եւ աշխատանքները համակարգելու մեքանիզմը:

Ապպուտ պատրաստակամութիւն յայտնեց  օժանդակելու փառատօնին կազմակերպման ու կայացման:

Քոչարեան եւ Ապպուտ բարձր գնահատեցին հայաստանեան-լիբանանեան քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւնները: Անոնք համոզում յայտնեցին, որ փառատօնը կը նպաստէ հայ-լիբանանեան բարեկամութեան ամրապնդման ու խորացման:

 

Share this Article
CATEGORIES