Անֆէի Մէջ Փուլ Կու Գայ Տուն Մը` Պատճառելով Երեք Զոհ

Անֆէի մէջ երէկ փուլ եկաւ տուն մը` պատճառելով երեք զոհ, մայր մը` Քաֆա Սարգիս եւ անոր երկու աղջիկները` Այտա եւ Սիհամ:

Նշենք, որ փուլ եկած երկյարկանի բնակարանը խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի ծնողքին կը պատկանի:

Անիկա հին կառոյց մըն էր եւ արդէն իսկ նորոգութեան մէջ էր:

Ըստ այդ բնակարանը նորոգող պատասխանատուներուն, Մքարիի ընտանիքը առաջարկած էր Քաֆայի եւ անոր աղջիկներուն պարպել այդ բնակարանը, սակայն անոնք մերժած են եւ ի վերջոյ քանդուած շէնքին տակ մնացած ու մահացած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES