Սապունճեան Ընդունեց Քըրայթեմը

Սապունճեան եւ Քըրայթեմ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քըրայթեմը, որուն հետ քննարկեց նաւահանգիստին եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան միջեւ տարակարծութեան լուծման հեռանկարները:

Այս իմաստով Վ. Սապունճեան ներկայացուց լուծման առաջարկ մը, որուն գծով Քըրայթեմ սկզբնական հաւանութիւն յայտնեց, պայմանաւ որ այդ մասին խորհրդակցութիւնները շարունակուին:

Share this Article
CATEGORIES