Ընտրական Օրինագիծի Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Կ՛ակնարկէ Որոշ Հասարակ Յայտարարներու Գոյութեան
Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խառն ընտրական օրինագիծեր, որոնց մասին Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կատարուած քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկած է բազմաթիւ հասարակ յայտարարներու գոյութիւնը:
Ղանեմ ըսաւ, որ հիմնականին մէջ քննարկուած է երեսփոխան Ալի Պեզիի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը, ապա քննարկումը շարունակուած է Աքրամ Շեհայէպի եւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի ներկայացուցած օրինագիծերով, որոնք իրենց կարգին խառն են, այլ` խօսքով հիմնուած են թէ՛ համամասնական եւ թէ՛ մեծամասնական դրութեանց վրայ:
Կը նախատեսուի, որ ընտրական յանձնախումբը իր աշխատանքները շարունակէ մինչեւ շաբաթավերջ:
CATEGORIES Լիբանանեան


