Շարպել – Քոնելլի Հանդիպում
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի քաջալերեց Լիբանանը ժողովրդավարական իր սկզբունքներուն կառչած մնալու առումով, ինչպէս նաեւ շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Քոնելլի բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն աշխատանքն ու ջանքերը, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն հետ անոնց գործակցութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:
Քոնելլի ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:
CATEGORIES Լիբանանեան


