Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտած է, թէ Դամասկոս կատարած իր այցելութիւնը կարեւոր էր: Ան ընդգծած է նաեւ, որ ընդհանրապէս քրիստոնեաները եւ յատկապէս մարոնիները պէտք է գիտնան, թէ այլ երկիրներու մէջ եւս կան քրիստոնեաներ ու մարոնիներ, ի մասնաւորի` Սուրիոյ մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութիւնը սուրիական վարչակարգին թթուածին ներարկած է: Ան նշեց, որ Ռայի պատրիարքը ատակ է ըլլալու կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պապը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Լուայ Մըքտատ յայտնեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը կ՛ուղղուի դէպի ամբողջական լուծում, որ դրական է բոլորին համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարութիւնները վերածուած են իրենց նախարարներուն ախոռներուն:
ՆԱԽ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Արսալի միջադէպին հարցով բոլոր կողմերը համաձայն են լուծման մը յանգելու: Ան նշեց, որ կարելի չէ Արսալը ներկայացնել իբրեւ օրինազանց գիւղաքաղաք:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուղղուի Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու իր ցանկին մէջ զետեղելու, յառաջիկայ 18 փետրուարին գումարելիք իր նիստին ընթացքին: Ըստ նոյն օրաթերթին, Պուլկարիա կ՛ուղղուի Պուրկասի պայթումին թղթածրարը փոխանցելու միջազգային դատարանին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները փոխանցելը արգիլուած է, որովհետեւ անիկա իւրաքանչիւրին սեփականութեան կը վերաբերի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի կը հաստատէ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դաշինքը ժողովրդավարական է եւ ոչ թէ ամբողջատիրական:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քամիլ Տորի Շամուն կը միտի Էշրեֆիէի մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրել` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի դէմ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել թեքնիք պատճառներով պիտի ստիպուի մօտիկ ապագային յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Արսալի շրջափակումին պէտք է վերջ տալ` պահպանելով լիբանանեան բանակին եւ պետութեան հանգամանքը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ Հըզպալլայի զինուորական թեւի պատասխանատու Իմատ Մուղնիէի նահատակութեան յիշատակը անմոռանալի պահելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատուեցաւ Դիմադրութեան նկատմամբ Թաուհիտ հոսանքի զօրակցութիւնը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը` վաւերացնելու համար պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը խորհրդարանին փոխանցելու որոշումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նէյլա Թուէյնի ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Ժեմայէլի Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը եւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ անոր հանդիպումին արդիւնքները:

